Համաշխարհային Ա. պատերազմի Գերմանական արխիւները բաց են հասարակութեան համար
«Եուրոմակ»` յղում կատարելով ria.ru կայքին, կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն
ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմի գերմանական արխիւները տարուած են Ռուսիա: Անոնց շնորհահանդէսը
տեղի ունեցած է Մոսկուայի զինեալ ուժերու կեդրոնական թանգարանին մէջ: Տումայի նախագահ
Սերկէյ Նարիշքին նշած է. «Եթէ այդ փաստաթուղթերը նախապէս հասանելի էին միայն մասնագէտներուն,
ապա այսօրուընէ սկսեալ արդէն բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են պատմութեան
մանրամասնութիւններով»: Նարիշքին նշած է, որ ասիկա Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան
եւ Մոսկուայի մէջ Գերմանիոյ պատմութեան հիմնարկի միացեալ նախագիծն է: