2014-04-19 11:42:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու Քորէայի նաւաբեկութեան զոհերուն։


Հինգշաբթի, 17 ապրիլին, Քորէայի մէջ, փոխադրանաւ մը, իր ճամբորդներով, նաւաբեկութեան ենթարկուեցաւ որուն պատճառաւ 300է աւելի անձեր իրենց կեանքը կոսնցուցին։
Այս տխուր եւ ցաւալի իրողութեան ի լուր, Ֆրանչիսոս Քահանայապետը, շաբաթ 19 ապրիլին, հրատարակեց թուիթ մը, որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները իրեն միանալու եւ աղօթելու նաւաբեկութեան բոլոր զոհերու դիտաւորութեան։
''Ձեզ կը հրաւիրեմ միանալու իմ աղօթքիս վասն Քորէայի աղէտաւոր նաւաբեկութեան զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.