''Քրիստոս Խաչո՛վ կերտեց Յարութիւնը''. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Զատկուան Պատգամը
Հայ եկեղեցւոյ շարականը հետեւեալ ամփոփ, սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ Քրիստոսի
յարութիւնը` «մահուամբ մահուան յաղթեց»: Մահկանացու մարդուն համար մահով մահուան յաղթելը
բանականութեան ու երեւակայութեան սահմանները անդրանցնող երեւոյթ մըն է: Հո՛ս կը կայանայ
խորհուրդը Աստուծոյ Որդւոյն յարութեան ու պատգամը` համայն մարդկութեան: Ինչո՞ւ Աստուծոյ
Որդին մարդկային պատմութեան մէկ հանգրուանին երկիր իջաւ եւ մարդկային բնութիւնը իւրացուց:
Քրիստոնեայ մարդուն համար այս հարցումին պատասխանը յստակ է` մարդու փրկութեան համար:
Արդ, Քրիստոսի մարդեղութիւնը պարագայական դէպք մը չէր. անիկա որոշակի նպատակ ունէր: Արդարեւ,
Աստուծոյ երկրաւոր զաւակը հեռացած էր իր Երկնաւոր Հօրմէն. իր աստուածատուր կոչումը հաւատարմօրէն
իրագործելու կոչուած մարդը մեղանչած էր: Իր անառակ կեանքով, մեղաւոր վարքագծով ու անձնակեդրոն
նպատակով մարդը կը գտնուէր մահուան անդունդին մէջ: Ահա թէ ինչու Աստուծոյ Որդւոյն
մարդեղացումը հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած էր: Աստուած սիրող ու ներող հայր էր.
չէր կրնար անտարբեր մնալ մարդու անկեալ վիճակին նկատմամբ: Աւետարանիչը կ՛ըսէ, թէ Աստուած
այնքան սիրեց իր ստեղծած արարածը, որ նո՛յնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ մարդու փրկութեան
համար (Յովհ. 3. 16): Մարդուն նկատմամբ իր ունեցած անհուն սիրոյ մղումով աշխարհ եկած
Աստուծոյ Որդին սիրոյ նոյն մղումով կատարեց իր փրկագործական առաքելութիւնը` Բեթղեհէմէն
մինչեւ յարութիւն: Քրիստոս սէր քարոզեց. եւ աւելի՛ն` սիրով մղուած աղքատին հետ եղաւ,
հիւանդը բժշկեց, մեռեալին կեանք տուաւ: Քրիստոս իր կեանքով ցոյց տուաւ մարդուն աստուածատուր
կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ ճշմարտօրէն ապրելու ու դէպի Աստուած դառնալու եւ դէպի
փրկութիւն ու յաւիտենական կեանք քալելու վաւերական ճամբան: Յարութեան, այլ խօսքով`
փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի ճամբան, խաչի՛ ճամբան է: Խաչը իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն
մնայուն ու տիրական ներկայութիւն եղաւ Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Քրիստոս
Գողգոթան ապրեցաւ Գողգոթայէն առաջ: Ան կեանքի տառապանքը խաչո՛վ նուաճեց. իր դէմ եղած
հալածանքները խաչո՛վ դիմագրաւեց. իսկ մահուան իր կամաւոր ինքնընծայումով յաղթեց: Խաչը
սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնն է: Ճշմարիտ սէրը սոսկ զգացական ու վաղանցուկ երեւոյթ
մը չէ, աննպատակ հոգեվիճակ մը չէ: Սէրը սրբազան նպատակի մը համար տառապիլ, պայքարիլ ու
նո՛յնիսկ ինքզինք տալ է: Եկեղեցւոյ մէջ ամէն օր երգուող «Սուրբ Աստուած» շարականը կը
յիշեցնէ մեզի, թէ Քրիստոս մարդո՛ւն համար ծնաւ, մարդո՛ւն համար խաչուեցաւ ու մարդո՛ւն
համար յարութիւն առաւ: Քրիստոնէութեան հզօրութեան աղբիւրը ու յաւերժութեան երաշխիքը
Քրիստոսի յարութիւնն է. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ` զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր
է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կորնթ. 15. 14): Չկայ յարութիւն առանց Գողգոթայի, չկայ սէր առանց
խաչի: Յարութիւն ու Գողգոթա քրիստոնէական մտածողութեան, կեանքին ու վկայութեան մէջ միշտ
եղած են առնչակից` դառնալով զիրար ամբողջացնող երկու հիմքերը քրիստոնէական հաւատքին ու
առաքելութեան: Արդ, մահով նուաճուած Քրիստոսի յարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ դառնալու
խաչին, անոր ուժին, խորհուրդին ու պատգամին: Խաչով կերտուած Քրիստոսի յարութիւնը մեզ
կը զինէ հաւատքով ու յոյսով` չվհատելու կեանքի դժուարութիւններէն, չընկճուելու մեզ շրջապատող
մտահոգութիւններէն, հեռու մնալու յուսալքումի գերին դառնալու հոգեվիճակներէ ու փարելու
Քրիստոսի յարութեամբ մեզի պարգեւուած յաւիտենական կեանքին: Ահա պատգամը Քրիստոսի թափուր
գերեզմանին: Ահա քրիստոնեայ մարդուն կեանքին առջեւ բացուած ճշմարիտ ճամբան: *
* Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եղած է տառապալից: Շատ քիչ առիթներով միայն խաղաղութեան
ծիածանը կամար է կապած հայ կեանքի երկնակամարին վերեւ: Սակայն մեր ժողովուրդը իր հաւատքին
զօրութեամբ յաղթահարած է ամէն տեսակ փորձանք ու չարիք: Հայ ժողովուրդը Առաքեալին խօսքը
դարձուցած է իր կեանքին նշանաբանը` «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ
ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Աստուած մեզի հետ եղած է մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն,
մեր կեանքի ամէնէն ողբերգական պայմաններուն: Պատմութեան ամէնէն ահաւոր ողբերգութիւնները
ճաշակած հայութեան ու հայրենիքին գոյութիւնը այսօր փաստօրէն հրաշքի համազօր երեւոյթ է: Վերջին
երեք տարիներուն հայ ժողովուրդի մարմնին վրայ կոտտացող նոր վէրք մը դրաւ Սուրիոյ հայութեան
դիմագրաւած տագնապը: Իսկ վերջերս Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը աւելի խորացուց վէրքը
հայութեան: Այս տագնապին դիմաց մենք երբեք պիտի չընկճուինք ու չյուսահատինք: Հայութիւնը
քաջութիւնն ու համբերութիւնը ունի, միշտ ունեցած է, իր ցաւը բժշկելու, իր վէրքը դարմանելու
ու քանդումը վերականգնումի կամքով ու մահը` կեանքով յաղթահարելու: Հայութիւնը մէկ
ամբողջութիւն է: Հայութեան մէկ մասին ցաւը ամբո՛ղջ հայութեան ցաւն է: Այս խոր գիտակցութեամբ
մեր ժողովուրդը կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու իր անվերապահ ու ամբողջական
աջակցութիւնը սուրիահայութեան: Չենք կրնար սոսկ պատահական մօտեցումներով ու զգացական
արտայայտութիւններով մասնակից դառնալ սուրիահայութեան վերականգնումին: Անհրաժեշտ է զօրաշարժի
ենթարկել մեր կարելիութիւնները: Սուրիոյ պատմական գաղութին վերականգնումը հրամայական
ու համահայկական առաջնահերթութիւն է: Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, Քրիստոսի յարութեան
հաւատքով ու յոյսով օծուն այս օրերուն աղօթքի ու զօրակցութեան ճամբով յիշենք Սուրիոյ
մեր սիրելի գաղութը: * * Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական
օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ
նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն` ի սպաս մեր սիրելի
հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք մեր եկեղեցւոյ
նուիրապետական աթոռներու գահակալները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի
հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը` եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք
ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը իրենց մաղթելով երկար գահակալութիւն եւ եկեղեցաշէն
ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ: Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական
սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր
դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն
ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ յարուցեալ
Փրկիչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները: ԱՐԱՄ
Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ