2014-04-18 10:18:26

Եւրոպական Խորհրդարանը կը դատապարտէ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումը։


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը ընդունեց «Սուրիոյ իրավիճակը որոշ խոցելի համայնքներու մէջ» բանաձեւը, որուն մէջ կը դատապարտէ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումները եւ հայ բնակչութեան պարտադիր տեղահանութիւնը:
Բանաձեւին մէջ նշուած է. «Ծայրայեղ իսլամական Քայիտա խմբաւորումի հայաբնակ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումներուն պատճառով տեղահանութիւններ տեղի ունեցած են: Մենք խստիւ կը դատապարտենք կրօնական համայնքներու, որոնց կարգին հայերու եւ քիւրտերու նկատմամբ բոլոր յարձակումները, կոչ կ՛ուղղենք տագնապի կողմերուն դադրեցնելու բոլոր գործողութիւնները»:
Բանաձեւին մէջ կը պարզուի, որ սուրիական տագնապի բոլոր կողմերը պարտաւոր են հոգ տանիլ երկրին բոլոր փոքրամասնութիւններուն:
«Մենք կը դատապարտենք հայաբնակ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումը եւ կոչ կ՛ուղղենք սուրիական գործող եւ ապագայ իշխանութիւններուն յուսալի եւ արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն ապահովելու խոցելի համայնքներուն համար, անոնց անվտանգ վերադարձը ապահովել իրենց սեփական բնակավայրերը` երաշխաւորելով, որ յարձակումներ կատարողները օրէնքի ուժով պատժուին», նշուած է բանաձեւին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.