2014-04-17 12:20:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''միւռոնի օրհնութեան'' գլխաւորած արարողութիւնը։


Հինգշաբթի, ապրիլ 17ին, Աւագ հինգշաբթի է, Ֆրանչիկոս Սրբազան Հայրը, առաւօտեան ժամը 09,30ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախագահեց Համապատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ կարտինալներուն, եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին։ Արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը տեղի ունեցաւ նաեւ ''միւռոնօրհնէքը'' ու ապա եկեղեցական դասը վերանորոգեց իր ուխտերը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածեց աւագ հինգշաբթի օրուայ իմաստի մասին, ''այն օրը երբ Քրիստոս մեզ սիրեց անհուն սիրով եւ որուն ընթացքին կը վերանորոգենք մեր Քահանայական ուխտերը''։ Այդ օր Տէրը մեզ օծեց ''ուրախութեան իւղով''։ Քահանային ուրախութիւնը իր ակնաղբիւրը կը գտէ Հօր Սիրոյ մէջ, եւ Տէրը կ՛ուզէ որ այդ սէրը լիութեամբ բնակի մեր մէջ։ Քահանան ամենէ աղքատ անձն է եթէ Յիսուս զայն չի հարստացներ իր աղքատութեամբ, ան ամենէ անպէտ ծառան է, եթէ Յիսուս չի ճանչնար զինք որպէս բարեկամ, ամենէ անխելքն է եթէ Յիսուս զայն համբերութեամբ չի դաստիարակեր, ինչպէս ըրաւ Սուրբ Պետրոսին ու ամենէ անպաշտպան քրիստոնեան է եթէ Բարի Հովիւը զայն չի հզօրացներ։ ''Այս մեր ոչնչութենէն մեկնելով է որ ընկալելու ենք մեր ուրախութեան պարգեւը'' ըսաւ Քահանայապետը ու ապա անդրադարձաւ երեք յատկութիւններու` ուրախութիւնը որ կ՛օծէ, անապականելի ուրախութիւնը եւ միսիոնարական ուրախութիւն որ բոլորին վրայ կը Ճառագայթէ ու բոլորը իրեն կը քաշէ սկսելով հեռու ապրողներէն։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ Քահանայական ուրախութիւնը որպէս քոյր ունի` աղքատութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ հնազանդութիւնը ու շեշտը դրաւ այս երեք յատկութիւններուն վրայ։ Ան ապա` քարոզի աւարտին հայցեց Տիրոջմէ որ շատ մը երիտասարդներուն մէջ արթնցնէ եռանդը եւ իր կոչին համապատասխանելու ցայտուն ուրախութիւնը։ Ան ապա աղօթեց բոլոր քահանաներուն համար, նորօծ, օծուած ու տարեց, որպէսզի Տէրը անոնց երբեք չպակսեցնէ` Տիրոջմէ փխած քահանայական ուրախութեան եռանդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.