2014-04-12 11:02:05

''Մարդկային բեղմնաւորումը եւ յղութիւնը հիւանդութիւններ չեն'' կ՛ըսէ գերապայծառ Շուլիքադ։


ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ ֆրանսիս Շուլիքադ, խօսք առնելով բնակչութեան զբաղուածութեան ֆոնտի յանձնախումբին առջեւ, 10 ապրիլ 2014ին, ըսաւ`''կառավարութիւնները հրաւիրուած են օգնելու կիները վիժումէն հրաժարելու եւ ոչ թէ մարդկային բեղմնաւորումը եւ յղութիւնը նկատելու որպէս դիմագրաւելիք հիւանդութիւններ''։
Վատիկանի դիւանագէտը պետութիւններէն խնդրեց փոխանակ կեդրոնանալու մարդկային բեղմնաւորումի վերածումին, աւելի աշխատելու մարդկային, ընկերային ու հոգեւոր ամբողջական զարգացումին ի խնդիր։ Բնակչութեան ծերութեան հարցը - դիտել տուաւ գերապայծառ Շուլիքադ - կարելի չէ լուծել եթէ ոչ զարգացնելով ընտանիքի կեանքն ու մարդկային բեղմնաւորումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.