2014-04-12 09:13:04

«Օրհնեալ որ գալոց ես անուամբ Տեառն« ովսաննա ի բարձունս»


Այս աղաղակներով Երուսաղէմի ժողովուրդը ընդունեց մեծն Թագաւորը: Անսովոր ընդունելութիւն մարմնացեալ Աստուծոյ:
Որքան փոփոխամիտ են մարդիկ, որքան դիւրափոփոխ են մարդկային զգացումները: Նոյն ամբոխը որ այսօր ,Ովսաննաներե կը բարձրացնէ ի պատիւ Քրիստոսի` քանի մը օր ետք ,խաչեսցիե պիտի աղաղակէ: Ի՞նչ պատահեցաւ: Ի՞նչ փոխուեցաւ: Միթէ նոյն Երուսաղէմը չէ՞, միթէ նոյն ամբոխը չէ՞, միթէ նոյն Քրիստոսը չէ՞: Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել այս մեծ հակասութիւնը:
Այս հարցադրումներուն պատասխանը կը գտնուի մեզմէ իւրաքանչիւրին ներքինին մէջ: Երբեմն կ՛ուզենք Քրիստոսի հետ ապրիլ, երբեմն ալ իրմէ շատ հեռու ենք: Երբեմն մեր ամբողջ ուժերով կը հեռանանաք մեղքէն, երբեմն ալ կամովին կը զգենունք մեղքի պատմուճանը:
Այլ խօսքով մարդս անընդհատ բարի եւ չարի պայքարի մէջ է: Այս պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ մեր կեանքին վերջը: Երբ մեր կեանքին նպատակները պարզենք, այսինքն թէ ինչո՞ւ կ՛ապրիմ, եւ ո՞ւր պիտի հասնիմ, այն ատեն բարին կը յաղթահարէ չարիին: Եթէ նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները, եւ եթէ մեր նպատակը եղած է հոգիներուն փրկութիւնը, այնուհետեւ պարտինք կատարել Աստուծոյ կամքը:
Ահաւասիկ Քրիստոս վերջին անգամ մուտք կը գործէ Երուսաղէմ, որպէսզի մասնակցի Հրեաներուն Զատիկին: Ան գիտակից էր որ չարչարանքի եւ մահուան ժամը մօտեցած էր: Այս վերջին մուտքին սակայն, ժողովուրդին չ՛արգիլեց որ զինք թագաւոր հռչակեն, եւ քաղաքը մտաւ իրենց բացագանչիւթիւններով: Երուսաղէմ մտաւ, որպէսզի անոր մէջ մեռնի իբրեւ Փրկիչ մարդկային ցեղի, եւ որպէս յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր` մահէն յարութիւն առնէր, եւ մարդոց կեանք պարգեւէր: Ասիկայ կը նշանակէ թէ Քրիստոս իր ազատ կամքով ինքզինք մահուան յանձնեց:
Սիրով եւ համեստութեամբ, առանց զէնքի եւ ուժի մեր երկնային Թագաւորը Երուսաղէմ մտաւ: Առանց փառքի, շքեղութեան եւ ընկերակիցներու, առանց պահակներու եւ բրոդոգոլային գործողութիւններու: Խոնարհաբար մտաւ` խաղաղութիւնը, ապաշխարութիւնը եւ յոյսը աւետելով: Քաղաքը չմտաւ պատերազմ հռչակելու, վրեժ լուծելու եւ ոչ ալ իշխելու եւ դատապարտելու, այլ որպէսզի ինքզինք մարդուն նուիրէ իբրեւ ողջակէզ եւ քաւութիւն մեղաց:
Եկէ՛ք ուրեմն, Ծաղկազարդի օրը, մեր յոյսը նորոգենք Աստուածային Փրկչին ,Յիսուս Քրիստոս խաղաղութեան Թագաւորըե, եւ իրմէ որդեգրենք ի վերուստ եկած խաղաղութիւնը: Յանձնառու ըլլանք խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան եւ անոր իսկական իրաւունքներուն պաշտպանները հանդիսանանք: Բաժնեկից դառնանք մարդկութեան եւ ընկերութեան բարւոքումին: Այսպէսով է միայն որ մենք գիտակից եղած կ՛ըլլանք թէ. ,Մարդ արարած խաղաղութեան սիրտն էե, ինչպէս պիտի ըսէր Բենեդիկտոս ԺԶրդ Քահանայապետը:
Եկէ՛ք Քրիստոսը դիմաւորենք մեր սրտի Երուսաղէմին մէջ, այնպէս որ այս դիմաւորումը առաջին քայլը հանդիսանայ մեր սիրտը դարձնելու մշտական բնակարանը Յիսուսի Քրիստոսի:
Եկէ՛ք դուրս վտարենք այն մեղքը, որ մեր ընկերութիւններուն մէջ արմատացած է, եւ անոր տեղ Յիսուսի Քրիստոսի անհուն սէրը ցանենք:
Ծաղկազարդի կիրակիով Եկեղեցին սկիզբ կու տայ Սուրբ Շաբթուան, Աւագ Շաբթուան, ծիսական տարուան ամենամեծ Շաբթուան: Աւագ Շաբթուայ ընթացքին, մարդս հրաւիրուած է ինքնիրեն դարձ մը կատարելու` իր խիղճը քննելու, իր ընթացքը զննելու, իր կէտ նպատակաները հետապնդելու, հին մարդը մերկանալու, մեղքի մարդը թաղելու Քրիստոսի հետ, եւ յարութիւն առնելու Յիսուսի Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան օրը:
Նորանոր մարդիկ դառնանք` ամրապնդուած Յիսուսի Քրիստոսի շնորհքով: Նորանոր մարդիկ` աղօթքով եւ Յիսուսի հետ անկեղծ յարաբերութեամբ զինուած:
Նորանոր մարդ, որուն սրտին մէջ տեղ չկայ յուսահատութեան, որովհետեւ յոյսի մարդ է, որդի մարմնացեալ Աստուծոյ:
Նորանոր մարդ, որ չի՛ հպարտանար եթէ ոչ Յիսուսի Քրիստոսի խաչով:
Նորանոր մարդ, որուն ուժը կը կայանայ անոր հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի մէջ:
Նոր մարդ, Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեամբ:

Բարի ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ բոլորին







All the contents on this site are copyrighted ©.