Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 76 կուսակցութիւն եւ 46 կրօնական կազմակերպութիւն
Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 76 կուսակցութիւններ, որոնցմէ 2ը՝ «Միաւորում յանուն Հայաստանի»
եւ «Նոր ուղի» կուսակցութիւնները կը գտնուին լուծարման հանգրուանի մէջ: Լրագրողներուն
հետ կայացած հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան
իրաւաբանական անձերու պետական տոմարի գործակալութեան պետ Արմէն Գէորգեանը: Անոր համաձայն՝
ներկայիս կուսակցութիւններու պաշտօնական արձանագրութիւնը կը կատարուի 30 օրուան ընթացքին։
«Այն որոշ չափով տարբերւում է այլ կազմակերպութիւնների գրանցումից: Կուսակցութիւնները
մեզ ոչ միայն ներկայացնում են կանոնադրութիւնը, այլ նաեւ իրենց ծրագիրը եւ այլ փաստաթղթեր,
որոնք տարբերւում են այլ իրաւաբանական անձանց կամ կազմակերպութիւնների գրանցումից», դիտել
տուած է Գէորգեան: Անոր համաձայն՝ որպէս անհատ ձեռնարկատէր արձանագրուածները 92 հազար
են, իսկ որպէս սահմանափակ պատասխանատուութեան ընկերութիւններ՝ մօտաւորապէս 46 հազար 500: «Պետական
ռեգիստրում գրանցուած կրօնական կազմակերպութիւններն այժմ 46ն են: Կրօնական կազմակերպութիւնների
գրանցումը եւս առանձնայատուկ է, քանի որ մինչեւ գրանցման ընթացակարգեր անցնելը նրանք
պէտք է թոյլտուութիւն ստանան կառավարութեան կողմից», յայտնած է Գէորգեան։