2013-06-08 13:12:58

Ֆրանչիսկոս Պապը` Արհիպատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը Անուանեց Արեւմտեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայերու Առաքելական Այցելու։


Շաբաթ 8 յունիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Արեւմտեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայերու Առաքելական այցելու` արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեանի ներկայացուցած հրաժարականը, անոր տեղ նշանակեց արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանը` Փարիզի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ։

1980 թուականին, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ընկերային եւ տնտեսական տագնապալից իրավիճակի հետեւանքով, Եւրոպայի մէջ հայերու թիւը կը բազմապատկուի։ 15 Հոկտեմբեր 1988 թուին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Երջանկայիշատակ Քահանյապետը, ընդառաջելու համար հայ կաթողիկէ համայնքի կարիքներուն, Արհի Գերապայծառ Գրիգոր Ղապրոյեանը անուանեց Փարիզի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս ու ապա միեւնոյն ժամանակ անոր շնորհեց համայն եւրոպական ցամաքամասի վրայ ապրող Հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն Առաքելական Այցելուի պաշտօնը։

16 Մայիս 1991 ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջնակայիշատակ Քահանյապետը Առաքելական Այցելու մը անուանեց նաեւ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի։

Արհի գերապայծառ Գրիգոր Ղապրոյեան հանդիսացաւ առաջին եպիսկոպոսը որ ստանցնեց միեւնոյն ժամանակ ֆրանսայի առաջնորդի եւ Առաքելական Այցելուի զոյգ կարեւոր պաշտօնները։ Ան եկեղեցական օրէնսդրութեան համաձայն, հրաժարած էր ֆրանսայի առաջնորդի պաշտօնէն եւ անցեալ 13 մայիս 2013-ին ներկայացուց նաեւ առաքելական այցելուի պաշտօնէն իր հրաժարականը եւ ֆրանչիսկոս Պապը անոր տեղ անուանեց Փարիզի առաջնորդ Արհ. Յովհաննէս Եպս Թէյրուզեանը։

Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեանը ծնած է Հալէպ 1941-ին, Զմմառու Պատրիարքական վանք մտած 1953-ին, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումները կատարելէ ետք անցած է Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարան, նաեւ՝ յաճախելով Գրիգորեան համալսարանի իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանական դասընթացքներուն։
24 դեկտեմբեր 1965-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ կաթողիկոս պատրիարքին։
Ստանձնած է զանազան պաշտօններ (ժողովրդապետական ու դաստիարկչական) ըլլայ Լիբանանի ըլլայ Սուրիոյ մէջ։
Եղած է ներքին մատակարար, վարչական եւ ընդհ. մատակարար Զմմառու Արծիւեան միաբանդութեան, միաժամանակ մեծապէս գործելով երիտասարդութեան կազմաւորումին ի խնդիր... քաջալերելով սկաուտական ու երիտասարդական շարժումները... եպիսկոպոս օծուած է 2001-ին։
Նախքան Փարիզի առաջնորդ նշանակուիլը, ան եղած է Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս ։







All the contents on this site are copyrighted ©.