2013-03-28 13:23:36

Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Եկեղեցապետերու Զատկական Պատգամը`


''Յիշել բռնութեան եւ հարստահարումի զոհերը։''
Երուսաղէմի եկեղեցապետերը Զատկական իրենց պատգամին մէջ հրաւէր կ'ուղղեն աշխարհի հաւատացեալներուն ուխտագնացութիւն կատարելու Ս. Երկիր, այցելելու եկեղեցիները եւ ապրելու տեղացի հաւատացեալներուն հետ։
Ս. Երկրի քրիստոնեաները կը շարունակեն ըլլալ Յարուցեալ Քրիստոսի լուսաոր ջահը, որուն առաջին աշակերտները վկաները եղան թափուր գերեզմանին։
Եկեղեցապետրը իրենց պատգամին մէջ կոչ կ'ուղղեն իշխանութիւններուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց պայքարելու վասն արդարութեան ու խաղաղութեան։ Եպիսկոպոսապետերը մասնաւորապէս իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն Ամենակալ Տիրոջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իսրայէլի. Իրաքի, Եգիպտոսի համար ու ամէն այն վայրերուն համար ուր քաղաքական խռովութիւններ տակաւին կը շարունակուին։
Կ'աղօթենք բռնութեան եւ հարստահարումի զոհերուն ու բանտարկեալներուն համար - կը գրեն Երուսաղէմի եպիսկոպոսապետերը - իրենց զատկական պատգամը եզրափակելով ''կը խնդրնք աշխարհի բոլոր հաւատացեալներէն օգնութեան հասնիլ Ս. Երկրի բնակիչներուն''։ Եպիսկոպոսապետերը կը մատնանշեն որ ս. Երկրի քրիստոնեաներու թիւը տարուէտարի կը նուազի։








All the contents on this site are copyrighted ©.