2011-07-03 10:06:17

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ ԳԱՌԶՈՒ


Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ ԳԱՌԶՈՒ


45 տարի առաջ, 1966-ի Յունիս 25-ին , Ֆրանսա ապրող հայ աշխարհահռչակ նկարիչը՝ Գառզու պաշտօնական հրաւէր ստացաւ այցելելու Խորհրդային Հայաստան եւ իր արուեստը ներկայացնելու հայրենի երկրին ու ժողովուրդին։
Արդէն 59 տարեկան էր Ժան Գառզու, աշխարհահռչակ նկարիչի մեծարժէք պատուանդանը նուաճած էր, Ֆրանսային հպարտութիւն ներշնչող բացառիկ տաղանդ մըն էր, նաեւ՝ տարագիր հայութեան ձայնն ու պատգամը մեծ աշխարհին յիշեցնող իւրօրինակ դեսպան մըն էր, բայց հայրենի հայութիւնը դեռ ի վիճակի չէր երկաթէ վարագոյրը բանալու եւ «Արի Տուն» կանչելու իր արժանաւոր զաւակին։
Ի տարբերութիւն Հայկեան Հանճարի ճառագայթները աշխարհով մէկ սփռող՝ միջազգային համբաւի տիրացած մեր արժէքներէն ոմանց, Գառզու նաեւ այն եզակի Հայերէն էր, որ չմատնուեցաւ իր հայկականութիւնը լուսարձակներէ հեռու պահելու փորձութեան։ Ընդհակառակն՝ հետեւողականօրէն յիշեցուց բոլորին, թէ՝
«Իբրեւ նկարիչ՝ կը պատկանիմ ֆրանսական արուեստին, սակայն իմ բոլոր գործերուս մէջ անշուշտ հայ կը մնամ: Չէ՞ որ մենք ամէնքս մեր ժողովուրդին բեկորներն ենք»:
Աւելի՛ն. թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան արհաւիրքը միշտ յիշեց եւ յիշեցուց ու, այդ ներշնչումով ալ, քսաներորդ դարու գլխաւոր վկաներէն մէկը դարձաւ՝ պատերազմի եւ արիւնահեղութեան դէմ մարդկային ցասումին, որ եթէ պայքարի թափով չարտայայտուեցաւ, բայց խորապէս իրաւ Գեղեցիկի, Լուսաւորի եւ Սիրոյ պաշտամունքը տարածեց ամէնուր։
Մեծ Եղեռնէն վերապրած ու աշխարհով մէկ ցրուած՝ հայօրէ՛ն ապրելու եւ արարելու տարագիր հայու անժամանցելի իրաւունքին ՎԿԱՆ դարձաւ Գառզու եւ պատգամեց մեր սերունդներուն.-
ֆրանսահայ նկարիչ, Ֆրանսայի Գեղարուեստի Ակադեմիայի անդամ, միջազգային մեծարժէք մրցանակներու դափնեկիր Գառնիկ Զուլումեանը, որ իր աւազանի անուան սղումով ընտրեց Գառզու ստորագրութիւնը եւ դարձաւ ֆրանսական արդի գեղանկարչութեան խոշորագոյն դէմքերէն մէկը: Նկարիչ, որ արժանաւորապէս տիրացաւ Ֆրանսայի Արուեստի եւ Գրականութեան Ասպետի տիտղոսին ու Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանին:
Գառզու ծնած էր Հալէպ, 1907ի Յունուար 1ին։ 1918ին ընտանիքին հետ տեղափոխուեցաւ Եգիպտոս, ուր Գահիրէի հայկական Գալուստեան վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսանեցաւ Ֆրանսական Լիսէի մէջ եւ 1929ին մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսական Ճարտարապետական Դպրոցին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Միաժամանակ՝ յաճախեց Մոնպառնասի Կրան Շոմիէր ակադեմիան, ուր կազմա-ւորուեցաւ հետագայ բարձրարժէք նկարիչը:
1929ին բաց ասպարէզ մտնելու իր առաջին քայլը նետեց՝ մասնակցելով ֆրանսացի երիտասարդ նկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը, ուր Գառզուի «Ալքազարի հին պարտէզները» նկարը արժանացաւ Առաջին մրցանակի:
1939ին Փարիզի մէջ կազմակերպուեցաւ Գառզուի առաջին ցուցահանդէսը, որ փաստօրէն մեկնարկային եղաւ հայ մեծ նկարիչի հետագայ՝ մնայուն վերելքին համար։ Իր թարմաշունչ արուեստին համար Գառզու 3 անգամ արժանացաւ Հոլմարքի մրցանակին (1943ին, 1951ին եւ 1953ին):

Գառզուի համբաւը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ 1950ական թուականներուն՝ յատկապէս իր ստեղծած հակապատերազմեան տրամադրութիւնները խորհրդանշող պատկերներով.¬ Լքուած ու աւերուած պալատներ, նաւահանգիստներ, երկաթուղային կայարաններ, ուր արտացոլուած է ամայութեան եւ տագնապի խոր զգացողութիւնը

Գառզու հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ արժէքաւոր բեմանկարիչ: Թատերական ծանօթ բեմադրութեանց նկարչական ձեւաւորումը կատարեց Փարիզի Ազգային Թատրոնին, Քոմէտի Ֆրանսէզին եւ Կրան Օփերային մէջ։ Նոյնպէս՝ Միլանի Լա Սքալայի մէջ կատարեց բեմական ձեւաւորումներ, որոնց շարքին ուշագրաւ են Ժան Ֆիլիփ Ռամոյի «Բարեկիրթ հնդիկներ»ը, Շառլ Ատանի «Ժիզէլ»ը, Ժան Ռասինի «Գոթողիա»ն, «Պոմպէյ»ը (1975), Օֆենպախի «Փերիքոլա»ն եւ ուրիշներ:
Կատարեց նաեւ պատկերազարդումները գրական հռչակաւոր գործերու, ինչպէս Անտրէ Մօրուայի «Ֆրանսա»ն, Էռնեստ Հեմինկուէյի «Հրաժեշտ զէնքին»ը, Ալպէր Քամիւի «Յուշատետր»ին, Ժիւլ Վեռնի «Երկրէն դէպի լուսին» եւ այլ գիրքեր:
1966ի Յունիս 25ին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս հայրենիք հրաւիրեցին Հայաստանի ու հայութեան մեծանուն զաւակը։
Նոյն տարին իսկ Գառզու եկաւ Հայաստան եւ Երեւանի մէջ կազմակերպեց շուրջ 150 գունաւոր վիմագրութիւններու եւ գիրքերու ձեւաւորումներու ցուցահանդէս մը, որ եւ ամբողջութեամբ նուիրեց Հայաստանի պետական պատկերասրահին: հետագային եւս, յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Ազգային Պատկերասրահին եւ Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին Գառզու շարունակեց նուիրել գործեր (շուրջ 400 գործ), իսկ ի նպաստ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժած արուեստագէտներուն՝ 50 կրաֆիկք գործեր:
Գառզու վախճանեցաւ 22 Օգոստոս 2000ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.