2011-01-19 13:41:49

Հոգեհանգստեան Պատարագ՝ Ի Յիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Վաստակաւոր Կաթողիկոս-պատրիարքին, Հռոմի Մէջ- Իտալիա։


Այսօր Հինգշաբթի 20 Յունուար 2011ին երեկոյեան ժամը 5.30-ին՝ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, սկիզբ կ՝առնէ ՜՜Հոգեհանգստեան Ս Պատարագը, ի յիշատակ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին (ծնած՝ 20/01/1927-ին՝ Եգիպտոս, եւ վախճանած՝ 16/01/2011-ին Լիբանան), նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիրարքին ու ներկայութեամբ՝ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին՝ նախագահը Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովին, ինչպէս նաեւ հայ եւ իտալացի եկեղեցականներու ու համայնքի հաւատացեալներուն ու բարեկամներուն։

Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ յիշատակին հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ Մոնրէալի մէջ
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին վախճանումին համար, Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամօր Նարեկայ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Գէորգ վրդ. Զապպարեան ցաւակցագիրներ յղած է ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին։
Այս առթիւ, կիրակի, 23 յունուար 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ ի յիշատակ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին։ Յիշենք, որ հանգուցեալ Գասպարեան հոգեւոր տէրը նուիրած էր Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցին, որ կառուցուեցաւ 15 մայիս 1983-ին։




Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան՝ Վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարքի Մահուան Գուժը։
Մեծ Ցաւով իմացանք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքին մահուան լուրը որ պատահեցաւ կիրակի 16 յունուարի առաւօտեան ժամը 6-ին, ողբացեալ Հայրապետը եղած էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ 1982-1999 տարիները։
Երջանկայիշատակ հայրապետ՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. ծնած էր Գահիրէ (Եգիպտոս) 20 Յունուար 1927ին: Դասական ուսումները իր ծննդավայրին եւ ապա Զմմառու մէջ աւարտելէ ետք, ղրկուած էր Հռոմ` Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարան։
Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքները կատարած էր Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանին մէջ, եւ իրաւագիտութեան առաջին տարուան վկայականը ստացած էր Լատերանեան Համալսարանի մէջ։
Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 13 Ապրիլ 1952ին։
1953 ին Զմմառու փոքր Նորընծայարանի փոխ տեսուչի պաշտօնը վարած էր, նոյն պաշտօնով Հռոմ կանչուած՝ 1954-1955 տարեշրջանին ու ապա դարձեալ Զմմառ վերադարձած։
1957էն մինչեւ 1973 Գահիրէի աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը կը վարէ։
Եւ 1973-ին կ՛ընտրուի Պաղտատի վիճակաւոր. եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ նոյն տարուայ փետրուար 25ին։
1982-ի օգոստոս 6-ին Հռոմի մէջ գումարուած հայ կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի ընթացքին, Յովհաննէս Եպ. Գասպարեանը կ՛ընտրուի՝ ՜՜ յաջորդելու Համայակ ԺԷ Կաթողիկոսի` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան Աթոռին՝՝։
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ։ Կաթողիկոսը եղաւ հաւատացեալներէն շատ սիրուած Հայրապետ մը։
1999-ին իր հրաժարականը կը ներկայացնէ եւ կը քաշուի Զմմառու Մայրավանք։
Իր Պատրիարքութեան առաջին 11 տարիներուն ընթացքին, երջանկայիշատակ Յովաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոսը դէմ առ դէմ գտնուեցաւ նոր հարցերու:
Արդարեւ, Պատրիարքութիւնը կերպով մը վերապրեցաւ 1915-ի Եղեռնի յաջորդած կացութիւնը, երբ լիբանանեան պատերազմը, ցնցելով ու կազմալուծելով Պատրիարքութեան կեդրոն եղող Պէյրութը, նուիրապետութիւնը դրաւ նիւթական, կազմակերպչական եւ հոգեւոր կոչումներու ծանր տագնապներու դիմաց:
Միջին Արեւելքի ու եւրոպական ցամաքամասի մէջ սահմանափակուած՝ իր Պատրիարքութեան հաւատացեալները, արաբական աշխարհի մէջ ծագած՝ քաղաքական ցնցումներուն եւ յեղափոխութիւններուն հետեւանքով, հուսկ լիբանանեան պատերազմին հարուածներուն տակ, գաղթեցին դէպի Ամերիկաները, Քանատաներն ու Աւստրալիաները ստեղծելով՝ աննախընթաց լայնատարած Սփիւռք մը, եւ հովուական նորանոր կարիքներ:
Հայաստանի անկախացումը եւ կրօնական ազատութիւններու վերահաստատումը հրաւիրեցին Պատրիարքութիւնը իր հովուական հոգածութիւնը տարածելու նաեւ Հայաստանի կաթողիկէութեան վրայ, որ 70 տարիներ համայնավարութեան լուծին տակ մնալով՝ մեծ կարիքն ունէին հոգեւոր վերանորոգումի:

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութիւնը կը յայտարարէ թէ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. հայրապետի Եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 22 Յունուար 2011-ին ( կ.ա. ժամը 10.00-ին) Պէյրութի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Հայրապետին մարմինը պիտի փոխադրուի Զմմառու Մայրավանքի Եկեղեցին, ուր պիտի ամփոփուի Կաթողիկոսական - Պատրիարքական դամբարանին մէջ (կ.ե. ժամը մէկին)։
Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ, Կիրակի 23 Յունուար 2011ին, առաւօտեան ժամը 11-էն 13, եւ կ.ե. ժամը 4-էն 7, իսկ Երկուշաբթի 24 եւ Երեքշաբթի 25 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10-էն 13, եւ կ.ե. ժամը 4-էն 7, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ժէիթաուի։
Ռատիովատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան եւ ողբացեալ Հայրապետին հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.