2011-01-18 12:45:57

՜՜Սուրբ Կարապետ՝՝ Քրիստոնեայ Հայոց Առաջին Աղօթավայրը


Պատմականօրէն Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը եղած է քրիստոնեայ հայոց առաջին աղօթավայրը ու գլխաւոր ուխտատեղիներէն մին, ինչպէս եւ պաշտուած՝ հաւատացեալներէն։
Եփրատ գետի մէկ ճիւղը եղող Արածանի ափունքին եւ Քեաք լերան բարձրունքին, կը գտնուի չորրորդ դարու սկիզբներուն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի ջանքերով կառուցուած Մշոյ Ս Կարապետ վանքը, ուր կը հանգչին Յովհաննէս Մկրտիչի աճիւնները։ Կ'ըսուի թէ վանքին մէջ, Ս Կարապետի գերեզմանին առնթեր, ժամանակ մը պահուած է Յիսուսի ոտքերը օծող հողամանը եւ Յովսէփ Արիմաթիացիի աջը, որոնք աւելի վերջ փոխադրուած են Երուսաղէմի Ս Յարութիւն վանքը։ Վանքի առաջին եկեղեցականը Գլաք կոչուելուն, վանքը կոչուած է նաեւ Գլակեայ վանք։ Աւելի վերջ վանքի շրջակայքէն ներս բխած ինը քաղցրահամ ջրակունքներուն համար, վանքը առած է նաեւ Իննակնեան վանք անունը։ Մշեցի հայերը սակայն, վանքին տուած են Մշոյ Սուլթան Ս Կարապետ անունը։ Ամէն տարի, եկեղեցւոյ տօնին, Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն, մեծ կարաւաններով հայեր ուխտի գալով վանքը, ծնկաջոք ծռած, անցուկ ցածացեղուն նրբանցքէ մը ներս գալով կը մօտենային ու կը համբուրէին Յովհաննու Կարապետի շիրիմաքարը։
Յովհաննէս համեստ ու բարեպաշտ ծնողներու զաւակ էր։ Հայրը ծերունի Զաքարիան եւ մայրը Եղսաբեթ։ Ամոլ էին եւ հրեաներու մօտ ամոլութիւնը նախատինք ու տեսակ մը աստուածային պատիժ կը նկատուէր։
Քահանայական դասէ սերած այս բարեպաշտ ծնողները ընտրուեցան Ս.Գրային մեծագոյն դէմքերէն Յովհաննէս Մկրտիչի ծնողքը դառնալու։
Հետաքրքրական է որ 2000 եւ աւելի տարիներ առաջ, Յովհաննէս խաթարւած ընկերութեան մը իր խօսքը ուղղելով անդադար քարոզեց ընկերային անարդարութիւնը գործի մէջ պարկեշտութեան եւ յարգանք մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ, մինչ ինք հին դարերու մեծ մտածողներու յատուկ կենցաղով ապրեցաւ անապատային անարատ կեանք մը, կը հագուէր ուղտի մազէ հիւսուած վերարկու մը ու կը սնանէր վայրի մարախներով ու մեղրով։ Եղաւ կորովի ու քաջ դէմք մը ու մահուան գծով ընդդիմացաւ Հերովդէսի անբարոյութեան եւ փարիսեցիներու կեղծաւորութեանց։
Սկիզբէն ի վեր, կանայք չէին մօտենար Ս Կարապետի գերեզմանին, քանի որ սուրբը Երուսաղէմի բանտին մէջ երկու չարակամ կիներու Հերովդէս Անդիպասի ապօրինի կողակից Հերովդիատայի եւ անոր դստեր՝ Սողոմոնէի դրդումով գլխատուած էր։
Ողբերգութիւն մը որ տեղի ունեցաւ փրկչական 32 թուականներուն։
Հերովդէս որ մեծ Հերովդէսի որդին էր, կարգուած էր իշխան Գալիլիոյ ու ամուսնացած էր Արիտա արքայի աղջկան հետ։
Անգամ մը ան, Հռոմի մէջ կը հանդիպի իր եղբօր Փիլիպոսի կնկան, որու անունը Հերովդիա էր, կը սիրահարուի անոր ու Պաղեստին վերադարձին կը թողու իր օրինական կինը ու անոր տեղ կը բերէ Հերովդիան։
Յովհաննէս Մկրտիչ կը դատապարտէ կատարուած բացայայտ գայթակղութիւնը, յիշեցնելով Աստուծոյ օրէնքը։ Հերովդէս անհանգիստ զգալով Յովհաննէսի այս քարոզչութենէն կը բանտարկէ զայն։
Այդ օրերը կը զուգադիպէին Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձին, մեծ խրախճանքին, ուր Հերովդէս Հերովդիայի աղջկան Սողոմէի սքանչելի պարէն խանդավառուած, կըսէ անոր կերդնում ըսէ ինչ որ կուզես պիտի տամ քեզի եւ այն ինչ որ Սողոմէի մայրը Հերովիան դաւադրաբար ծրագրած էր կիրականանայ։
Հերվդիան ըսած էր աղջկան, որ այն պարագային՝ պիտի ուզէր Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։
Քիչ վերջ, դահիճը ափսէի մը վրայ, պարասրահ կը բերէ մեծ մարգարէին գլուխը։
Հերովդէսի սարքած խնճոյքին, Սողոմէի պարէն ետք, իրմէ սիրուած եւ իր մօրմէն ատուած սրբակենցաղ ու ճշմարտախօս Յովհաննէսի գլխուն պահանջը, Յովհաննէսի նկատմամբ իրենց ոխակալութեան իրագործումն էր։ Բանաստեղծութիւններով, նուագախումբերով եւ նկարչութեամբ յաւերժացած ողբերգութիւն մըն էր։
Յովհաննէս Մկրտիչի գլխուն տիրացաւ Հռոմէական եկեղեցին իսկ աճիւնները հայոց հայրապետ՝ Գրիգոր Պարթեւ Մուշ բերելէ ետք կը կառուցէ վանքը, կործանելով նոյն տեղը եղող Դեմէտէի եւ Գիսանէի դիցերու մեհեանները։
Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս Կարապետի վանքը կառուցանելէ ետք զայն կօժտէ պարիսպներով, ամուր բերդերով ու նաեւ հասութաբեր կալուածներով, տիրանալով միաժամանակ շրջակայ 12 գիւղերու եւ աւաններու։
Վանքը մինչեւ Մեծ Եղեռնը տէր էր բաւականաչափ կալուածներու եւ արջառներու։ Ուխտաւորները մեծ նուէրներ կը բերէին վանքին իսկ վանքի բերքերու հաւաքիչները, Հայաստան, Կիլիկիա եւ այլ վայրեր երթալով բաւական հասոյթներ կապահովէին։
Վանքը երկրաշարժերու ցնցումներէ ու բռնակալ թշնամիներու քանդիչ հարուածներէն քանի մը անգամ աւերւած ու կողոպտուած է եւ սակայն շինարար հայու ջանքերով կրկին վերակառուցուած է։
Վանքի հին ու նոր պատմութիւնը նման է հայոց կեանքի պատմութեան։ Կըսուի թէ վանքէն ներս եղած են բազմաթիւ հրաշագործութիւններ եւ ուխտաւորներու խնդրանքները սրտագրաւ կերպով կատարուած են։ Կըսուի նաեւ թէ անգամ մը Վրթանէս կաթողիկոս վանքի տաճարին մէջ պատարագած պահուն, արիւնահեղ լեռնական թշնամիներ կը յարձակին իր վրայ եւ ինք ու հաւատացեալները հրաշքով մը կազատին։
Վանքէն ներս ժամանակ մը ճգնած են խոտակեր միաբաններ։ Անցնող դարուն, վանքի մեծ բարեկարգիչ վանահայրերէն Խրիմեան Հայրիկ, զարգացնելով վանքը կը կառուցէ եկեղեցականներու յատուկ դպրոց մը։ Թէպետ եւ հայոց հայրիկը հալածուելով մեծ նեղութեանց առջեւ կը գտնուի եւ սակայն կը յաջողի պայծառացնել վանքը, հաստատելով հոն տպարան ու հրատարակել Արծուիկ Տարոնոյ անուամբ թերթ մը։
Պատմական անցեալով օժտուած այս վանքը, այժմ աւերուած վիճակի մէջ է։ Վանքը ականատես եղած է նաեւ աննախընթաց եղերգութեան մը, 1915-ի տեղահանութեան միջոցին երբ վանքի պարիսպներէն գերմանացի եւ թուրք զինուորներ ներս գալով սկսան կոտորել հոն ապաստան եւ ինքնապաշտպանութեան դիմած Տարոնցի հայորդիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.