2010-02-10 13:03:11

 Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ (Յովհաննէսեան, 1878 -1943-?).

Հայ Գրականութեան Տաղանդաւոր Կին Գրողը։


 Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ (Յովհաննէսեան, 1878 -1943-?).

Հայ Գրականութեան Տաղանդաւոր Կին Գրողը։



Չորս Փետրուարին ծննդեան տարեդարձն էր Զապէլ Եսայեանի, որ իր մնայուն տեղը ունի հայ գրականութեան վաւերական Մեծերու համաստեղութեան մէջ՝ ոչ միայն իբրեւ տաղանդաւոր կին գրող, այլեւ իբրեւ հոգեվերլուծական վիպագրութեան յառաջապահ դրօշակիրը հայ իրականութեան մէջ։ Հայ գրականութեան կանացի շունչին փառքն ու ողբերգութիւնը մարմնաւորած հեղինակութիւնը եղաւ ան։ Հայ կնոջ խղճմտանքի ձայնը առաւելագոյն հնչեղութեամբ լսելի դարձաւ Զապէլ Եսայեանի գրական ստեղծագործութեան մէջ եւ փայլք ու փառք ապահովեց գրողին։ Մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումն ու հայոց նորաստեղծ պետականութեան խորհրդայնացումը, Զապէլ Եսայեանի գրական ստեղծագործութիւնը նուիրուեցաւ աստուծոյ, իսկ այնուհետեւ՝ ծառայեց կայսեր, որուն անխնայ հարուածին արժանացաւ Զապէլ Եսայեան... 1937ի ստալինեան մաքրաործումներուն զոհ երթալով եւ անյայտ վախճան մը ունենալով։



Զապէլ Եսայեան եղաւ իր ժամանակի արեւմտահայ առաջին գրողն ու ազային-քաղաքական գործիչը, որ փարիզեան իր հանգիստ կեանքն ու ունեցուածքը ետին ձգեց, իր երկու զաւակներով 1934ին փութաց Խորհրդային Հայաստան՝ վերջնականապէս հոն հաստատուելու որոշումով, բայց միայն երեք տարի կրցաւ վայելել բերկրանքը հայրենի հողին. 1937ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ...



Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ ապրող Յովհաննէսեաններու բարեկեցիկ յարկին տակ ծնաւ Զապէլ 1878ին։ Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Պոլսոյ Ս. Խաչ վարժարանին մէջ եւ 1895ին գնաց Փարիզ՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։



Յաճախեց Սորպոնի համալսարանը, բազմակողմանի զարգացման տիրացաւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ եւ ուսումը աւարտեց փայլուն արդիւնքով։ Փարիզի մէջ ալ ամուսնացաւ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ գրական ասպարէզ մուտք ործեց Զապէլ Եսայեան ստորագրութեամբ։



Մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, Փարիզ ապրելով եւ ստեղծագործելով, Զապէլ Եսայեան իր առաջին գործերը լոյս ընծայեց Արշակ Ջոպանեանի ՝՝Ծաղիկ՝՝ եւ ՝՝Անահիտ՝՝ գրական հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պարբերականներու մէջ։ Այդ շրջանի իր երկու ուշագրաւ գործերն են ՝՝Սպասման սրահին մէջ՝՝ (1903) եւ ՝՝Շնորհքով մարդիկ՝՝ (1907) վէպերը։

1909ին, Ատանայի կոտորածներուն առիթով, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց ջարդի պատասխանատուներու Քննիչ Յանձնախումբին։ Մօտէն իրազեկ դարձաւ ոչ միայն հայոց ողբերգութեան, այլեւ՝ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայութեան մեծ տառապանքին՝ թրքական բռնատիրութեան ներքեւ։ Այդ ամբողջը գրականօրէն յաւերժութեան յանձնեց 1911ին լոյս տեսած իր ՝՝Աւերակներու մէջ՝՝ վէպով, որ կը նկատուի իր կարեւորագոյն գործերէն մէկը։



Եղեռնի նախօրեակին, Պոլսոյ հայ կեանքին եւ յատկապէս գրական-մշակութային մեծ զարթօնքին գլխաւոր դրօշակիրներէն եղաւ Զապէլ Եսայեան։ Գեղապաշտ սերունդի յառաջապահներէն էր, միաժամանակ՝ իր պատկանած Դաշնակցութեան Պոլսոյ պաշտօնաթերթ ՝՝Ազատամարտ՝՝ի էջերէն հայ ազգային-ազատագրական շարժման կարեւոր պատամաբերներէն ամէնէն դիւրահաղորդը եւ ժողովրդականը։



Օսմանեան պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան նախօրէին Զապէլ Եսայեան անցաւ Պուլկարիա՝ խոյս տալով օսմանեան ոստիկանութեան հետապնդումներէն։ Հոնկէ՝ Սեւ Ծովի վրայով անցաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց իր աշխոյժ գգործունէութիւնը թէ՛ գրական-ստեղծաործական, թէ՛ ազգային-քաղաքական բնագաւառներու մէջ։ Այդ շրջանին կարեւոր աշխատակցութիւն բերաւ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրած ՝՝Գործ՝՝ հանդէսին։ Այդ շրջանին գրեց Սեբաստացի Մուրատի սեւծովեան հերոսական ճամբորդութեան նուիրուած յուշավէպը։ 1919ին, երբ վերստին հաստատուած էր Փարիզ, մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խաղաղութեան համար ումարուած խորհրդաժողովներուն՝ հայոց իրաւունքները յիշեցնելով եւ Արդարութեան մեր պահանջին իրաւատէր կաննելով։

17 Դեկտեմբեր 1934ին, Երեւանէն Աւետիք Իսահակեանի ուղղուած նամակի մը մէջ, Զապէլ Եսայեան ջերմագին կը յորդորէր այդ ժամանակ դեռ արտասահման ապրող Իսահակեանին, որ այլեւս վերադառնայ Հայաստան, ուր կը կերտուի հայ ժողովուրդին լուսաւոր ալիքը... 1935ին Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով վերջնականպէս կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական ործունէութիւնը։ Նոյն ատեն կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու րականութեանց պատմութիւն։



1936-1937 ստալինեան հալածանքի շրջանին Եսայեան նոյնպէս կաքսորուի անյայտ ուղղութեամբ եւ կը մեռնի Սիպերիոյ մէջ տեղ մը, 1943ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.