2009-12-10 07:54:23

Էջ մը հայ գրականութիւնէն - Մատաթիա Անտոն Գարագաշեան (18181903). Հայ Մտքի տեսադաշտը արդիականացնող իւրօրինակ հսկան


Էջ մը հայ գրականութիւնէն - Մատաթիա Անտոն Գարագաշեան (18181903). Հայ Մտքի տեսադաշտը արդիականացնող իւրօրինակ հսկան:
Նոյեմբերի 19ին կամ 20ին, հարիւր վեց տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ մահացաւ հայ ժողովուրդի իմացական մեծութիւններու փաղանգին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն ՄատաթիաԱնտոն Գարագաշեան։
Հայ Մտքի իւրօրինակ հսկայ մը եղաւ Մատաթիա Անտոն Գարագաշեան, որ ոչ միայն հիմը դրաւ հայ քննական պատմագրութեան, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական իմաստասիրութիւնն ու հայագիտութիւնը, հասարակական միտքն ու աշխարհայեացքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ արդի ժամանակներու ոգիին եւ նորարարութեան համահունչ թռիչքով։ Իւրօրինակ հսկայ էր, որովհետեւ իր երիտասարդութեան, մինչեւ չափահաս 38 տարեկանը, եղաւ հայ կաթողիկէ կուսակրօն քահանայ, իսկ այնուհետեւ արմատական շրջադարձ կատարեց դէպի անաստուածութիւն... Այդպէ՛ս, մինչեւ ծերունազարդ 85 տարիքը, իր կեանքն ու միտքը նուիրեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր լուսաւորման գործին՝ իմաստասիրական գիտական մեծակշիռ ներդրումներու կողքին, բոլոր իրաւ Մեծութեանց պէս, իր կարգին անձնատուր ըլլալով ծայրայեղական ու մոլեռանդ յայտնագործումներու։
Ծնած էր Պոլիս, 11 Փետրուար 1818ին։ Մանուկ տարիքին ղրկուեցաւ Վիեննա, Մխիթարեաններու մօտ ուսում ստանալու համար։ Փայլուն արդիւնքով աւարտեց նաեւ Վիեննայի համալսարանը։ 1836ին միացաւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան, իսկ 1844ին ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ։ 12 տարի կրօնական ծառայութեան մէջ մնալէ ետք, 1856ին պաշտօնապէս հրաժարեցաւ հոգեւորական իր կոչումէն եւ ընդգրկեց անաստուածութիւնն ու Նիւթապաշտական (Materialist) աշխարհայեացքը։
Պոլիս վերադառնալով, Գարագաշեան ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ գիտական ուսումնասիրական աշխատանքի՝ հասարակական գործունէութեան առումով Արեւելեան Թատրոնի հիմնադիրներէն եւ կազմակերպիչներէն մէկը դառնալով։
Գլխաւոր երեք ուղղութիւններով ընթացաւ ՄատաթիաԱնտոն Գարագաշեանի գիտական ուսումնասիրական աշխատանքը։
Առաջին եւ տիրական ուղղութիւնը պատմագրութիւնը եղաւ։ Տակաւին կաթողիկէ քահանայ՝ 1845ին, ան աւարտեց Նկարագիր Ուսմանց աշխատասիրութիւնը, ուր մշակուած են քննական պատմագրութեան իր սկզբունքները։ Գարագաշեան մերժեց ժողովրդային առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ շեշտեց գիտական մօտեցման հրամայականը։ Յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց սկզբնաղբիւրներու, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար վկայութիւններու բաղդատական ուսումնասիրութեան։
Շուրջ քառասուն տարուան իր ժրաջան աշխատանքին՝ հետազօտութեանց եւ բաղդատական ուսումնասիրութեանց արգասիքը եղաւ 1880էն 1895 չորս հատորներով լոյս տեսած Մ. Գարագաշեանի Քննական Պատմութիւն Հայոց կոթողական գործը, որ ուղի բացաւ հետագայ պատմագիրներու առջեւ։ Գարագաշեանի մշակած հայ ժողովուրդի քննական պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ Ք.Ե. 5րդ դարու հայ ազգային ազատագրական շարժումները։ Հայոց պատմութիւնը կը բաժնէ գլխաւոր երկու շրջանի՝ Նախնական եւ Պատմական։ Նախնականը կը սկսի անյիշատակ ժամանակներէն եւ կը հասնի մինչեւ Տիգրան Մեծ։ Իսկ Պատմականը կը ներառնէ Տիգրան Մեծէն մինչեւ 5րդ դար երկարած ժամանակաշրջանը։
Գարագաշեանի քննական պատմագրութեան կարեւորագոյն եզրայանգումներէն են, հայ ժողովուրդի հնդեւրոպական ծագման հիմնաւորումը, Առաջաւոր Ասիոյ մէջ հռոմէական ազդեցութեան գօտիի ընդլայնման ուղղութեամբ հայկական ներդրումին կարեւորութիւնը եւ, վերջապէս, ժամանակի քաղաքակրթական հակամարտութեանց ու զարգացումներու խաչմերուկին վրայ գտնուելու, ազդուելու եւ իր կարգին ներգործելու հայ ժողովուրդին առանձնայատկութիւնը։
Մատաթիա Անտոն Գարագաշեան գիտական մօտեցում ցուցաբերելու իր առաջադրանքով այնքան կլանուեցաւ, որ անհիմն ծայրայեղութեամբ ամբողջական մերժումի արժանացուց Մովսէս Խորենացին՝ անոր Հայոց Պատմահայրի անվիճելի կոչումը կասկածի տակ առնելով եւ հետագայ համապատասխան պնդումները հիմը դնելով։
Գարագաշեանի գիտական աշխատասիրութեանց երկրորդ ուղղութիւնը եղաւ հայկական իմաստասիրութեան արդիականացումը։ Յատկապէս Սկզբունք Տրամաբանութեան իր գործով, որ լոյս տեսաւ 1864ին,
ՄատաթիաԱնտոն Գարագաշեանի վաստակին երրորդ բնագաւառը եղաւ հայագիտութիւնը, յատկապէս հայերէն լեզուի ծագման, զարգացման եւ արդիականացման հոլովոյթին քննական ուսումնասիրութիւնը։ Գրաբարի եւ աշխարհաբարի միջեւ դասական հայերէնի սեփական պատկերացումը մշակեց եւ իր աշխատասիրութեանց մէջ կիրարկեց։ Կարեւոր ներդրում ունեցաւ ուղղագրութեան եւ քերականութեան կանոններու ուսումնասիրութեան եւ զարգացման մէջ։ Բայց այս մարզէն ներս եւս ծայրայեղական յայտնագործումներէ զերծ չմնաց ան. ամէնէն ցայտուն եւ անընդունելի յայտնագործումներէն մէկը եղաւ, օրինակի համար, այն պնդումը, թէ հայերէնը մոնկոլական ծագում ունէր։ Հայերէնագիտութեան մարզին մէջ իր գլուխգործոց կը հանդիսանայ 1862ին հրատարակուած Դպրութիւն կամ Քերականութիւն Հայերէնի դասագիրքերու շարքը։
Այսպիսի՛ տարողութեամբ իւրօրինակ հսկայ մը եղաւ ՄատաթիաԱնտոն Գարագաշեան, որ Նոյեմբեր 1903ին, առյաւէտ փակեց գիրքերու տիեզերքին վրայ միշտ խուզարկու պահուած իր աչքերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.