2009-11-13 12:37:58

Էջ մը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք ֆրանսական երաժշտարուեստի հսկաներէն հայազգի Ժորժ Կառվարենցի մասին


Էջ մը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք ֆրանսական երաժշտարուեստի հսկաներէն հայազգի Ժորժ Կառվարենցի մասին

Ֆրանսական երաժշտարուեստի (մանաւանդ՝ շարժանկարային երաժշտարուեստի) մէջ մեծ անուն ձգած է հայորդի մը՝ Ժորժ-Տիրան Կառվարենցը։ Ան զաւակն է հայ բանաստեղծ եւ Կոմիտասի սան Գէորգ Կառվարենցի։

(Գէորգ Կառվարենցը Խորհրդային Հայաստանի զինուորական քայլերգի խօսքերուն հեղինակն է)։

Ժորժ-Տիրան Կառվարենց ծնած է 1932-ին, Աթէնք։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ 1942-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Փարիզ, ուսանած է Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան հայկական վարժարանին մէջ։ Ան առաջին երգերը յօրինած է տակաւին դպրոցական տարիներուն։ 1947-1952 թուականներուն յաճախած է Փարիզի երաժշտանոց։ 1950-ականներէն Ժորժ Կառվարենցի երգերը կատարած են ֆրանսական էսթրատային աստղեր Ճոնի Հոլիտէյը, Միրէյ Մաթիէօն, Շարլ Ազնաւուրը, Տալիտան, Սիլվի Վարդանը, Ժիլպեր Պեքոն եւ ուրիշներ։ 1960-ին անոր Տանիէլ երգը Էտի Միչելի եւ Շոսեթ Նուար խումբին կատարմամբ արժանացած է առաջին մրցանքի։ Եւ այդ տարուընէ սկսեալ Կառվարենցը նկատուած է ֆրանսական էսթրատային ինքնատիպ երգահաններէն մէկը, որուն աւելի քան 500 երգերը, 40-է աւելի ձայնասկաւառակները մեծ տարածում գտած են երգարուեստի սիրահարներու շրջանին մէջ։ Անոր Հնաոճ վայելքները ձայնապնակը հրապարակուած է 23 միլիոն տպաքանակով եւ 350 տարբերակով։ Արժանացած է կարգ մը մրցանքներու, ինչպէս 1964-ին՝ Շանսոնիէ ընկերութեան յատուկ մրցանքին։

Կառվարենցի մասին խօսելով չենք կրնար չյիշել 1988-ին Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ամբողջ աշխարհի տարածքին թեւածած Քեզ համար, Հայաստան երգը, որ Կառվարենց ստեղծած է Շարլ Ազնաւուրի հետ, եւ որ կատարած են Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի էսթրատային երգիչները՝ երգէն ստացուած ամբողջ հասոյթը տրամադրելով աղէտեալներու օգնութեան հիմնադրամին։ 1988-ին Կառվարենց այցելած է Հայաստան։ Սակայն անոր առաջին այցը՝ հայրենիք, եղած է 1977-ին։ Իսկ 1974-ի 24 ապրիլին Փարիզի Փլէյել համերգասրահին մէջ հնչած է Ազնաւուրին եւ Կառվարենցին պատկանող ուրիշ երգ մը՝ Անոնք ինկան՝ նուիրուած Հայոց եղեռնի միլիոնաւոր նահատակներուն։ Կառվարենց մահացած է 1993-ին, Փարիզ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.