2009-10-23 13:11:49

Էջ մը հայ երաժշտութենէն-Միշել Լը Կրան


Էջ մը հայ երաժշտութենէն

ֆրանսահայ երաժիշտ Միշել Լը Կրան ՜՜ հպարտ է իր հայկական արմատներով՝՝

Միշել Լըկրան Ֆրանսահայ անուանի երաժիշտ, աւելի քան 200 ժապաւէններու երաժշտութեան հեղինակ ու Օսքարի եւ Կրեմի մրցանակակիրը առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1987-ին, ուր համերգներ ունեցած է իր քրոջ՝ երգչուհի Քրիսթին Լըկրանի հետ որուն մայրը հայ էր։ Այդ այցը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ երաժիշտին վրայ։ Այդ մասին աւելի ուշ Լըկրան ըսած է Ինծի համար շատ հետաքրքրական եւ յուզիչ էր արմատներուս հետ առնչուիլը։ Ես գտայ իմ ազգականներէս ոմանք։ Աշխարհի մէջ զարմանալի յառաջացնող բաներէն մէկը արմատներուն դպչիլն է։

Միշել Լըկրանի հայրը՝ Ռէյմոն Լըկրան դարձեալ անուանի երաժշտահան է ու նաեւ երգիչ, մայրը Հայկանուշ Տէր Միքայէլեան անունով դաշնակահարուհի հայուհի մըն էր, որուն հայրը հայ էր ՜՜Մեծ եղեռնէն ետք ապաստանած է Ֆրանսա եւ ամուսնացած՝ ֆրանսուհիի հետ՝՝։ 1999-ին Նիւ Եորք Թայմզին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Միշել Լըկրան ըսած է ՜՜Իմ մօրս կողմէն մեծ հայրս՝ Սարգիս Տէր Միքայէլեանը, 1917-ին փրկուած է Եղեռնէն։ Ան իսկական հայ էր զգացմունքային, կրքոտ եւ մեծահոգի՝՝։ Կ՝ապրէր Փարիզի արուարձաններէն Ասնիրի իր տան մէջ, ինծի ու մօրս հետ, վեց տարի։ Երբեմն ան կիրակի օրերը զիս իրեն հետ կը տանէր Ժան Կուժոնի հայկական եկեղեցին։ Մինչեւ տասը տարեկան, մեծ հայրս, իմ կեանքիս մէջ շատ վճռական դեր ունեցած է ։ Ան պատմած է Հայաստանի մասին, նուագած է հայկական մեղեդիներ եւ գիտէ հետաքրքրական դէպքեր հայոց պատմութենէն (գրուած է The New York Times,ի 29, 06, 1999-ի թիւին մէջ)։

Միշել Լըկրան ծնած է 1932-ին, Փարիզ։ Շատ կանուխէն բացայայտուած են անոր երաժշտական ունակութիւնները։ Երեք տարեկան էր , երբ իր ծնողները ամուսնալուծուած են, եւ ան ժամերով առանձին մնացած է մեծ հօր տունը, ունենալով որպէս բարեկամ հին դաշնակ մը։ Միշելին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է մօրեղբայրը՝ ֆրանսական ճազի պատմութեան մէջ անուն հանած հայ տաղանդաւոր երաժիշտ՝ Ժաք Հելեանը (վերջինս կրճատած է իր Տէր Միքայէլեան մականունը՝ որդեգրելով Հելեան ձեւը)։ Փոքրիկ Միշելը գրաւած է նաեւ ֆրանսացի հռչակաւոր շանսոնիէ եւ շարժանկարի դերասան Մորիս Շըվալիէի ուշադրութիւնը, որ տղուն փայլուն ապագայ գուշակած է։

Միշել Լըկրան Փարիզի երաժշտանոց ընդունուած է 11 տարեկանին (1943 -ին) եւ աւարտած՝ 20 տարեկանին (1952-ինթ)։ Անոր ուսուցիչներէն եղած է ֆրանսացի նշանաւոր դաշնակահարուհի Նատիա Պուլանժէն։ Տակաւին ուսումնառութեան տարիներէն գրած է երգեր, սոնաթներ, քանթաթներ, այլ սեռի ստեղծագործութիւններ՝ դրսեւորուելով ե՛ւ իբրեւ երաժշտահան, ե՛ւ դաշնակահար։ Այնուհետեւ նուագակցած է կարգ մը երգիչներու (ինչպէս՝ Անրի Սալվատորէ, Քաթրին Սովաժ, Ժաքլին Ֆրանսուա)։ Անոր գրած երգերը կատարած են Լայզա Մինելին, ինչպէս նաեւ իր քոյրը՝ Քրիսթին Լըկրանը, հետագային նաեւ կինը՝ Քաթերինա Վալենթէն եւ աղջիկը՝ Քրիսթինը։ Հայկական արիւն ունեցող այս երգիչը 22 տարեկանին հրապարակած է իր առաջին երաժշտական ալպոնը՝ Ես կը սիրեմ Փարիզը, որ դարձած է այդ տարիներուն ամէնէն շատ վաճառուող ալպոմներէն մէկը։

Մինչեւ 1960-ականներու ֆրանսական շարժանկարի Նոր ալիքի ի յայտ գալը՝ Լըկրան շարժանկարային ասպարէզին մէջ աշխատելու քանի մը ապարդիւն փորձ ըրած է, սակայն ի վերջոյ, անոր մուտքը՝ այդ ասպարէզ, հնարաւոր դարձած է, շնորհիւ՝ նորագոյն բեմադրիչներուն եւ Փարիզի շարժանկարային ասպարէզին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն։ Երգահան Ճորճ Տիւլըլուի հետ միասին, հայազգի Լըկրան գրած է Նոր ալիքի ամբողջ շարժանկարային երաժշտութիւնը՝ աշխատելով Ժան Լիւք Կոտարի, Քլոտ Լըլուշի, Ժաք Տեմիի, Ագնէս Վարտայի եւ ուրիշներու հետ։ Լըկրան մանաւանդ նախանձախնդիր եղած է ֆրանսական երաժշտական շարժանկարի զարգացման համար։ Պատահական չէ, որ ան է ֆրանսական միւզիքըլի ամէնէն յայտնի ստեղծագործութիւններու՝ Ժաք Տեմիի Շերպուրկեան հովանոցներ (1964 -ին) եւ Աղջիկները՝ Ռոշֆորէն շարժանկարներու երաժշտութեան հեղինակը։ Ինչպէս հետագային պատմած է Ժաք Տեմին, ինք փափաքած է նկարահանել ժապաւէն մը, որուն մէջ ամէն ինչ կենթարկուի երաժշտութեան, եւ որ պէտք չէ ըլլայ ո՛չ ամերիկեան միւզիքըլներու, եւ ոչ ալ ֆրանսական օփերաներու նման, այլ իւրատեսակ ժապաւէն մը՝ երաժշտութեան մէջ։ Այս միւզիքըլով Լըկրան տիրացած է միջազգային համբաւի։ Որոշ երաժշտագէտներ նոյնիսկ աղերսներ փնտռած են անոր երաժշտութեան եւ Մոցարթի ստեղծագործութիւններուն միջեւ։ Ատոր պատճառներէն մէկը եղած է այն, որ այս վիպապաշտ պատմութեան մէջ (Շերպուրկեան հովանոցը) շատ իրապաշտօրէն մուտք գործած է ֆրանսական իրականութիւն, այնպէս, ինչպէս Մոցարթ յստակօրէն վեր հանած է իր ժամանակի հիմնահարցերը։ Քոյր եւ եղբայր Լըկրանները նաեւ իբրեւ երգիչ ձայնագրուած են այս ժապաւէնին մէջ։ 1960-1970 թուականներուն Լըկրան գրած է նաեւ Ժան Քոքոթոյի Օրփէոսի կտակը, Ժաք Տեմիի Լոլա (1961 -ին), Հրեշտակներու նեղուցը (1962), Աւանակի կաշին (1970) եւ Ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը այն բանէն ետք, երբ մարդը քալեց լուսնի վրայ (1973), Ժան-Լիւք Կոտարի Կինը կը մնայ կին (1961), Կեցցէ կեանքը (1962), Էտուար Մոլինարոյի Երբ կը թռչին փասիանները (1965), Իվ Ռապնոյի Կեանքը ամրոցի մէջ (1966) եւ Ամուսիններ ու տարիներ (1971), Իվ Ռոպերի Վճարել կատակներով (1966), Ժաք Տերէի Լողաւազանը (1969) եւ Մարդը մեռաւ (1973), Ֆիլիփ տը Պրոկայի Փախուստ (1971) ժապաւէններու երաժշտութիւնը։

ֆրանսական շարժանկարի Նոր ալիքը սկսած է ի վերջոյ, ձանձրացնել Լըկրանը։ Անգամ մը, երբ Ժան-Լիւք Կոտար իրեն առաջարկած է գրել հերթական ժապաւէնին երաժշտութիւնը, երգահանը ըսած է Այս մէկը վերջինն է, կը գրեմ եւ կերթամ Ամերիկա, որ ձեզմէ ազատիմ։ Դիտելով Կոտարի Վերջին անգամ Փարիզի մէջ շարժանկարը՝ Լըկրան ժապաւէնի արձանագրութիւններուն մէջ զարմանքով կարդացած է Երաժշտութիւնը՝ Միշել Լըկրանի, վերջին անգամ, Փարիզի մէջ։ Ատկէ ետք ան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, երեք տարի աշխատած է Հոլիվուտի համար։ Եւ արդէն 1968-ին Նորման Ճուիսոնի Թոմաս Քրոունի գործը, ապա նաեւ Ռիչըրտ Մուլիկանի 42-ի ամառը (1972) շարժանկարներու երաժշտութեան համար արժանացած է Օսքար մրցանակի։ 1989-ին իր բեմագրութեամբ նկարահանած է իր կեանքին մասին պատմող Հինգ օր՝ յունիսին ինքնակենսագրական ժապաւէնին մէջ ։ Հայաստան իր այլ այցելութեան ընթացքին, ունեցած է երաժշտահանդէս՝ իր յօրինումներու կատարումներով։ Ան պարգեւատրուած է Հայաստանի նախագահին կողմէ։ Խօսելով իր միջազգային շրջագայութիւններու մասին՝ Լըկրան Երեւանի մէջ ըսած է Ես չեմ սիրեր եւ չեմ երթար Թուրքիա։ Չեմ սիրեր նաեւ համերգներ ունենալ Գերմանիոյ մէջ, եւ առհասարակ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կայ ցեղասպանութեան նշոյլ մը, ես ընելիք չունիմ։







Անոր երաժշտութիւնը կը հնչէ նաեւ Ռիչըրտ Պրուքսի Երջանիկ աւարտ (1969), Պարպրա Սթրէյզընտի Ճենթըլ (1963) եւ բազմաթիւ այլ նշանաւոր ժապաւէններու մէջ։ Միշել Լըկրան նաեւ նկարահանուած է ժապաւէններու մէջ։ Ան երգած ու պարած է 1971-ին նկարահանուած Անգամ մը՝ Փարիզի մէջ շարժանկարին մէջ։ 1971-ին ան նկարահանած է Կայծակի հարուած շարժանկարը, իսկ 1989-ին իր բեմագրութեամբ նկարահանած է իր կեանքին մասին պատմող Հինգ օր՝ յունիսին ինքնակենսագրական ժապաւէնին մէջ, որ պատանի Միշել Լըկրանի դերը մարմնաւորած է Մեթիու Ռոզը, իսկ մօրը՝ Անի Ժերարտոն։

Միշել Լըկրան կրկին այցելած է Հայաստան, ուր ունեցած է երաժշտահանդէս՝ իր յօրինումներու կատարումներով։ Ան պարգեւատրուած է Հայաստանի նախագահին կողմէ։ Խօսելով իր միջազգային շրջագայութիւններու մասին՝ Լըկրան Երեւանի մէջ ըսած է Ես չեմ սիրեր եւ չեմ երթար Թուրքիա։ Չեմ սիրեր նաեւ համերգներ ունենալ Գերմանիոյ մէջ, եւ առհասարակ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կայ ցեղասպանութեան նշոյլ մը, ես ընելիք չունիմ։












All the contents on this site are copyrighted ©.