2009-09-20 09:25:19

Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։ Պէրպէրեան վարժարան ը։


Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։ Պէրպէրեան վարժարան ը։



Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ կարեւոր եւ իւրայատուկ տեղ ու դեր ունեցաւ կրթական ուրոյն սկզբունքներով առաջնորդուող կրթական վաստակաւոր մշակ Ռեթէոս Պէրպէրեանի հիմնած սեփական կրթական հաստատութիւնը՝ Պէրպէրեան վարժարանը։

Ռեթէոս Պէրպէրեան, որ Գատըգիւղի Համազասպեան վարժարանին տնօրէնն էր, հոգաբարձութեան հետ իր ունեցած հարցերուն պատճառով ձգեց Համազասպեանը եւ նոյն օրերուն՝ 1876-ին իր սեփական վարժարանը բացաւ նոյն շրջանին՝ Գատըգիւղի մէջ։

Ռեթէոս Պէրպէրեանի նպատակն էր իր սկզբունքներուն ու համոզումներուն համապատասխան դաստիարակչական կերպեր կիրարկել։ Իր շուրջ որակաւոր ուսուցիչներու հոյլ մը համախմբելով՝ Պէրպէրեան իր վարժարանը օժտեց երկրորդականի ծրագիրով։ Աշակերտութեան թիւը արագօրէն աւելնալով եւ դպրոցական շէնքին պայմանները սահմանափակ ըլլալով, երկու տարի ետք, 1878-ին վարժարանը փոխադրուեցաւ Սկիւտար։

Պէրպէրեան վարժարանը ունէր նախապատրաստական, նախակրթական եւ ուսումնարական բաժիններ, ինչպէս նաեւ՝ ցերեկային եւ գիշերօթիկի բաժիններ, նաեւ՝ ձրիավարժ բաժին։ Բարձրագոյն դասարաններուն մէջ ուսումը ընդհանուրէն կը վերածուէր մասնագիտականի՝ գիտական, գրական, առեւտրական եւ մանկավարժական։ Ուսուցումը կը տարուէր հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Շրջանաւարտները կը ստանային դպրութեան կամ գիտութեան պսակաւորի աստիճան։ Պէրպէրեանի կրթական մակարդակը կը համապատասխանէր եւրոպական կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու մակարդակին եւ անկէ շրջանաւարտները իրաւունք կը ստանային իրենց ուսումը շարունակելու եւրոպական համալսարաններուն մէջ։ Ձրիավարժ բաժինը աւարտողները պարտաւոր էին ուսուցչական ասպարէզ նետուելու եւ ծառայելու իրենց բնակած թաղի, գիւղի կամ քաղաքի վարժարանին մէջ։

Պէրպէրեանը ունէր նաեւ կիրակնօրեայ դասընթացքներու դրութիւն՝ օտար վարժարաններ յաճախող հայ ուսանողներու հայեցի կրթութեան համար։

Աւելի քան երեսուն տարի իր հիմնած եւ պաշտած վարժարանին տնօրէնութիւնը վարելէն ետք, Ռեթէոս Պէրպէրեան մահացաւ 1907-ին։ 1909-ին տնօրէնութիւնը ստանձնեց Օննիկ Պէրպէրեան, իսկ 1911-ին՝ Շահան Պէրպէրեան։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ին, Պէրպէրեանը փակեց իր դուռերը։ Անիկա վերաբացուեցաւ պատերազմի աւարտէն ետք, Սկիւտարի թաղերէն Սելամսըզի մէջ, նախակրթարանի եւ լիսէի բաժիններով։ 1924-ին դպրոցը փոխադրուեցաւ Եգիպտոս եւ շարունակեց գործել Գահիրէի մէջ, կրթական նոյն ծրագիրով։ Անիկա փակուեցաւ 1934-ին, նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։

Պէրպէրեանը իր շուրջ կիսադարեան գոյութեան ընթացքին տուաւ մօտաւորապէս 450 շրջանաւարտ, որոնցմէ շատեր անուանի մտաւորականներ, ուսուցիչներ եւ ազգային ու հասարակական գործիչներ դարձան անոնցմէ յիշենք՝ Ռուբէն Սեւակը, Շահան Շահնուրը, Վահան Թէքէեանը, Յովհաննէս Հինդլեանը, Նշան Գալֆայեանը, Մատթէոս Եկէնեանը, Կարապետ Տէմիրեանը, Միհրան Մալեանը, Արամ Նիկողոսեանը, Լեւոն Թաշճեանը, Միքէ Արապեանը, արձանագործ Յակոբ Արապեանը, բժիշկներ՝ Պետրոս Մախոխեանը եւ Պօղոս Քոլոլեանը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.