2009-02-13 13:22:59

Եկեղեցական երաժշտութեան վարպետները’ Նիկողայոս Թաշճեան


Եկեղեցական երաժշտութեան վարպետները’ Նիկողայոս Թաշճեան

Թերեւս այնքան մեծանուն հեղինակ մը չէ Նիկողայոս Թաշճեանը, եւ սակայն ինքն է վարպետն ու վարժապետը թէ Եկմալեանի եւ թէ Կոմիտասի, իրմով է որ առաջին անգամուայ համար սկսաւ արդի նօթագրութիւնը հայկական հոգեւոր երգերու եւ շարականներու Արեւելքի մէջ։ Նիկողայոս Թաշճեան ծնած է Պոլիս 1841 թուին եւ մահացած է նոյն քաղաքին մէջ` 9 սեպտեմբեր 1885-ին. Ան միեւնոյն ատեն երաժշտա-գէտ է, երգահան է ու մանկավարժ։ Իր նախնական ուսումը առած է Խասգիւղի Ներ-սէսեան Վարժարանը, ուր աշակերտած է Գրիգոր Երանեանին, որ իր առջեւ բացած է ընդարձակ ասպարէզ մը ուսումնա-սիրութեան եւրոպական երաժշտութեան. Նշմարներ ալ տուած է հայկական երաժշտութեան մասին։ Իր կարգին, Նիկողայոս եւս դաստիա-րակած է երաժշտութիւնը նոյն վարժարանին մէջ եւ հանդիսացած Կոըտանդնուպոլսոյ Մայր Եկեղեցւոյ երաժշտապետը եւ երգչախումբին խմբավարը, 1879-էն ի վեր։

Հեղինակած է բազմաթիւ հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ ոմանք Եկմալեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ բազմաձայնի վերածուած են երգչախումբի համար։ Զանազան շահեկան յօդուածներ ալ գրած է պոլսահայ մամուլի կարգ մը թերթերու մէջ. Իր կարեւոր գրութիւններէն մին է Դասագիրք եկեղեցական ձայնագրութեան հայոց հատորը, զոր հրատարակած է 1874-ին. Այս գրքին մէջ, նախ կը բացատրէ Համբարձում Պապա Լիմոնճեանի - այս հեղինակի մասին պիտի խօսինք յաջորդիւ – նոտագրութիւնը եւ անոր ընտրած համակարգը. Ապա ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ հայ երաժշտութեան բնոյթը եւ անոր հիմնական դրութիւնը, տալով նաեւ հակիրճ պատմականը հայ երաժշտութեան։

Նիկողայոս Թաշճեանի մատուցած մեծագոյն ծառայութիւնը հայ երաժշտութեան` հոգեւոր երգերու եւ շարականներու ձայնագրութիւնն է արդի նօթագրութեամբ, ջանալով պահել հին խազերու իմաստն ու տարողութիւնը։ Երբ 19-րդ դարու վերջաւորութեան` բոլորովին կորսուեցաւ հին հայակակն խազերու բանալին եւ այլեւս չգտնուեցաւ որեւէ մէկը որ կարենար զանոնք ճշգրտօրէն երգել, զանազան հեղինակներ փորձեցին որքան կարելի էր հարազատ կերպով թարգմանել արդի երաժշտական նօթաներով հայկական հին խազերը. Լաւագողն յաջողութիւնը գտաւ Լիմոնճեանը. Անոր հետեւելով` Թաշճեան հրատարակեց Էջմիածնի մէջ, 1874-ին, Ձայնագրեալ երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագի հատորը, եւ անմիջապէս ետքը` 1875-ին, Ձայնագրեալ Շարականք հոգեւոր երգոց Հայաստանեայց-ը, ինչպէս նաեւ 1877-ին, Երգք ձայնագրեալք ի ժամագրոց Հայաս-տանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ հատորը։

Մէկը միւսէն արժէքաւոր այս գրքերը յաջողեցան փրկել հայ հոգեւոր երգերն ու շարականները կորուստէ եւ հանդիսացան շղթայի այն օղակը որ յաջողեցաւ կանգուն պահել ու զարգացնել հայ մշակոյթի եւ հոգեւորականութեան մեծագոյն կոթողներէն մին, որ է հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը, որուն ծնունդը կը սկսի 5-րդ դարէն եւ զարգացումն ու հարստացումը միշտ գոյատեւած է դարերու ընթացքին, հասցնելով զայն ամենա-բարձր գագաթներուն համաշխարհային մշակոյթի մակարդակով։

Նիկողայոս Թաշ-ճեան`իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին – ան ապրած է միայն 44 տարի – կարող եղած է ձեռնարկելու եւ յաջողութեամբ պսակելու հայ հոգեւոր երաժշտութեան պահպանման հսկայածաւալ եւ ազգօգուտ գործը, որմէ պիտի օգտուէին հետագային իր բոլոր յաջորդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.