2008-12-01 13:45:34

Լուրեր հայ աշխարհէն

ՀՕՄ-ի Ջաւախք հիմնադրամի ջանքերով ՙ ՙ Բժշկական դասընթացքներ՚ ՚


Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութեամբ, ներկայիս կը գործէ Մանկական հիւանդութիւններու համաձուլուած վարում ծրագիրը, որ կը վերաբերի մինչեւ 5 տարեկան փոքրիկներու հիւանդութիւններուն, հաշմանդամութեան եւ մահացութեան նուազեցման։ Հայ օգնութեան միութեան Ջաւախք հիմնադրամին ջանքերով ծրագիրը այսօր հասու է նաեւ Ախալքալաքի բժիշկներուն, որոնք իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են նոյեմբեր 11-ին սկիզբ առած դասընթացքներուն։

Ըստ ծրագրի ղեկավար բժշկուհի Սոնիա Առուշեանի, 15 բժիշկներուն վարած դասընթացքներուն հիմնական նպատակն է բնակիչները ծանօթացնել տուեալ հիւանդութիւններու ճիշդ բուժման եղանակներուն, երեխաներու խնամքին, սնուցման կազմակերպման, ինչպէս նաեւ՝ պատուաստումներու ճիշդ իրականացման։

Բագրատ Սարգսեան նախագահը՝ Ջաւախք յանձնախումբին, տեղեկացուցած է, թէ տարիներու ընթացքին կազմակերպութիւնը բազմաթիւ նմանօրինակ ծրագիրներ իրագործած է եւ ուղղակի Ջաւախք հիմնադրամին ջանքերով է, որ այսօր Ախալքալաքի հիւանդանոցը ունի ախտորոշիչ կեդրոն, շրջաններու մէջ 16 շտապօգնութեան կէտեր, որոնք ապահովուած են թէ՛ անհրաժեշտ կահաւորումով եւ թէ՛ սարքաւորումներով։

Պոլիս Երեւան ուղղակի Թռիչքներու կարելիութեան քննարկում

Թրքական Հիւրրիյէթ օրաթերթի համաձայն՝ Թուրքիա, նպաստելու համար Հայաստանի եւ իր միջեւ մերձեցման վերջին գործընթացին, կը ծրագրէ Պոլիսէն դէպի Երեւան ուղղակի թռիչքներ հաստատել։ Ըստ օրաթերթին, Անգարա այս հարցին վերաբերեալ Ազրպէյճանի կարծիքը նկատի պիտի առնէ։



Բացում Սարոյեանի արձանին։

Աւարտած են Մաշտոցի եւ Մոսկովեան պողոտաներուն քառուղիին վրայ Ուիլիըմ Սարոյեանի արձանի տեղադրման համար նախատեսուած վայրի բարեկարգման աշխատանքները, եւ պատրաստ է արձանին պատուանդանը բացման համար։ Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, արձանին համար հանգանակութիւն կատարած է Համահայկական աշխարհագրական միութիւնը։ Արձանին հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին։ Իսկ այս նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներու ծիրին մէջ։



ՙ ՙ Ոտնագնդակի Թագաւորները ՚ ՚Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան հրատարակութիւնը։

Փորթուկալցի Էուսէպիօ Տա Սիլվա Ֆերէյրա Ոտնագնդակի հռչակաւոր մարզիկ, Լեհաստանի Վարշավայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացուց իր դիմանկարը կրող նոր դրամանիշ մը։ Այդ դրամանիշը մաս կը կազմէ յատուկ շարքի մը, որ կը կոչուի Ոտնագնդակի Թագաւորները եւ անշուշտ նուիրուած է աշխարհի տարածքին համբաւ վայելող ոտնագնդակի մարզիկներուն։ Դրամանիշը հրատարակութիւն է Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան եւ 100 դրամ արժէք ունի։ Յաջորդ տարուայ ընթացքին, նոյն շարքէն 20 դրամանիշներ եւս հրապարակ պիտի դրուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.