2018-05-02 11:19:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Չարահնար Երեւակայութիւնը

Անձնական փափաքներու յագուրդ տալու միջոց մըն է չարահնար երեւակայութիւնը, որ միջոցներու միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ, հասնելու համար իր նպատակին:

Եկեղեցւոյ հայրերը վատ երեւակայութեան մասին իրենց տուած բացատրականին մէջ, առհասարակ բղջախոհութիւնը նկատի ունեցած են, մահացու մեղքերու շարքին եօթներորդը դասելով զայն: Այնտեղ երեւակայութեամբ սկսող մեղքերու բանալին միայն նշուած է, անոր հետեւող ցուցակը զանց ընելով:

Երեւակայութեան աշխատանքը,  չի՛ սահմանափակուիր միայն սեռային ցանկութեան նախապատրաստականի դերին մէջ: Չարահնար բազմածիր աշխատանք մը վերապահուած է ատոր, որովհետեւ երեւակայութիւնը այն անծայրածիր գրատախտակն է, որուն վրայ տարբեր գոյնի կաւիճներով ինչքա՜ն գիծեր կը քաշուին ու կը սրբուին նոյնիսկ մէկ օրուան ընթացքին:

Չարահնար երեւակայութիւնը միայն անձնական աշխատանք մը չէ, որ մէկու մը երեւակայութեան մէջ կը ծնի, կը ծրագրուի ու կը գործադրուի: Այլ՝ անիկա ունի իր պաշտօնեաները: Մարդիկ՝ որոնք իրենց համար ասպարէզ ընտրած են չարահնար երեւակայութիւնը, զանազան նպատակներ հետապնդելով:

Բախտագուշակներ՝ զանազան հանգամանքներու հագուստներու մէջ ծպտուած, երբեմն Աստուծոյ ու Քրիստոսի սուրբ Աւետարանին անունը շահագործելով, չարահնար երեւակայութեան ինքնահռչակ պաշտօնեաներն են մեր ապրած ընկերութեան մէջ:

Անոնցմէ ոմանք գիտեն, թէ ինչո՞ւ համար կը բանի իրենց չարահնար երեւակայութիւնը (եւ այս տեսակն է ամէնէն վտանգաւորը), ուրիշներ նիւթական եկամուտ ապահովելու համար ջանասիրութեամբ գործի լծած են իրենց չարահնար «մեքենան», իսկ վերջին տեսակ մըն ալ կայ, որ իսկապէս չի՛ գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը բանի իրենց չարահնար երեւակայութիւնը, եւ ասոնք ամէնէն խղճալիներն են՝ բաղդատած առաջին երկուքին: Այս վերջինները կ’ապաւինին իրենց համար ալ անծանօթ ուժերու, ի քուն կամ յարթնութեան եղած տեսիլներու, երկինքէն կամ սանդարամետէն (իրենց համար ալ յստակ չէ՛ այս դժբախտաբար) լսուող ձայներու, եւ սակայն այնպէս կը զգան, թէ պէ՛տք է գործադրեն «ներսէն» եկող այդ հրահանգները:

Պատահական անձի, կամ անցորդի մը քաջալերանքը կը բաւէ, որ չարահնար երեւակայութեան պաշտօնեան հաստատէ իր գրասենեակը, ընդունի յաճախորդներ (միշտ կէս խելքով) եւ ծաւալէ իր գործունէութիւնը: Այսպէս, օրինակ, չարահնար երեւակայութիւն ունեցող մարդը, իր ատած անձը կը պատկերացնէ հիւանդ, անբուժելի ախտով մը վարակուած: Անշուշտ ցաւ է հաստատել, որ նման հոգեկան հիւանդներ միշտ ալ իրենց սուտ ու փուտին հաւատացող ողորմելի յաճախորդներ կ’ունենան:

Պաշտօնապէս բախտագուշակ նկատուող խօսքի վաճառականներ կան, զորս կրնանք իբրեւ օրինակ տալ, չարահնար երեւակայութիւն ունեցողներուն իրավիճակը ու գործունէական կեանքը բացատրելու համար: Ի՞նչ է բախտագուշակներուն առաքելութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը գործեն անոնք՝ յաջողութիւն գտնելով իմացապէս միջակութիւն համարուող խաւին մօտ: Բախտագուշակ մը առաջին հերթին քեզի կը թելադրէ ըսելով.

_ Խօսէ՝ եթէ կ’ուզես լուծուած տեսնել քու բոլոր հարցերդ. առանց  զգուշացնելու թէ՝ շատ խօսիլը շարք մը նոր հարցեր կը ստեղծէ, որոնցմէ օգտուող միակ անձը ի՛նք պիտի ըլլայ: Ոմանք բախտագուշակի մը ձեռքը կ’իյնան «ճաթռտած» հոգիով, սակայն անոր ձեռքերով է, որ կ’իրականանայ վերջնական «կոտրտուք»ը:

Չարահնար երեւակայութիւն ունեցող մարդոց առաքելութիւնը այս աշխարհի վրայ, բարին չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ Աստուած, Քրիստոս, Աւետարան, հոգեւոր, մարմնաւոր, երկնաւոր, երկրաւոր աճուրդի հանուած են՝ վասն շահու եւ առեւտուրի:

Հոգեկան հիւանդութիւն մըն է չարահնար երեւակայութիւնը, որուն ախտացեալները հեռու պէտք է պահուին ընկերութենէն, որովհետեւ տակաւին անոր դեղ ու դարման կարելի չէ՛ եղած գտնել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.