2018-05-02 08:16:00

Ազգային Ժողովը դէմ քուէարկեց վարչապետի թեկնածութեան։


Իրաւունքի ուժով գումարուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Ազգային ժողովը դէմ քուէարկեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ որպէս վարչապետի թեկնածու՝ 45 կողմ, 56 դէմ քուէարկութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեանին դէմ քուէարկեց ՀՀԿ խմբակցութիւնը, կողմ՝ ՀՅԴ-ն եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները:

Նիկոլ Փաշինեան Ընդհանուր Գործադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ

Ժողովրդային շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի քուէարկութենէն ետք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ զինք սպասող բազմահազար զօրակցողներուն միանալով՝ յայտարարեց, որ ի վերջոյ ժողովրդական յեղափոխութիւնը իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի:

Փաշինեան ընդհանուր գործադուլի ու դասադուլի կոչ ուղղեց: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ ժողովուրդը պիտի շրջափակէ պետական շէնքերը՝ անդամալուծելով կառավարութեան գործունէութիւնը: Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ ցուցարարները պիտի փակեն օդակայանը








All the contents on this site are copyrighted ©.