2018-05-02 13:19:00

Յառաջիկայ 6 Մայիսին Սրբազան Պապը կ՛այցելէ Հռոմի այլ ժողովրդապետութիւն մը։


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 6 մայիս 2018-ի յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի «Թոր տէ Սքիավի» շրջանի «Ամենասուրբ Հաղորդութեան»  ժողովրդապետութիւնը, ուր եւ նաեւ բացումը պիտի կատարէ «երջանկութեան տուն» կեդրոնին, որ յատկացուած է անկար անհատներու խնամակալութեան։ Այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ դրոշմի խորհուրդը պիտի մատակարարէ մէկ փոքրիկ անկար աղջնակի մը եւ անոր մօր։

Սրբազան Քահանայապետը պիտի դիմաւորեն Հռոմի Թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ   Անճլելօ Տէ Տոնաթիս, Ժողովրդապետութեան տիտղոսաւոր Կարդինալը՝ Խոսէ Կրէկորիօ Ռոզա Շավես, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ՝  Միջազգային Քարիդասի նախագահ, եկեղեցւոյ ժողովրդապետը Հայր Մաուրիցիօ Միրիլլի ու անոր օգնական վարդապետները։

Անկարներու կեդրոնի մասին արտայայտուելով Հայր Միրիլլի ըսած է թէ տարիքով յառաջացած մի քանի մայրիկներ իրմէ խնդրած են իրենց զաւակներուն համար օգնութիւն, յատկապէս իրենց մահէն ետք անոնց ապահովել խնամքն ու գուրգուրանքը։ «Աղօթքէն անդին չէի գիտեր ինչ ընել» ըսած է Հայր Միրիլլի, ու երբ անգամ մը մասնակցեցայ Կարդինալ Թակլէի քարոզած մէկ հոգեւոր կրթութեան, անոր խօսքերը ՝ թէ «Աւետարանը մեզ կը խրախուսէ առաստաղները բանալու՝ ընկալելու համար կարիքաւորները» լուսաւորեցին զիս ու այսպէսով ձեռնարկեցի այս կեդրոնի կառուցումը, որուն սատարեց նաեւ Հռոմի թեմը։

Հովուական այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առիթ պիտի ունենայ նաեւ պատասխաններ տալու իրեն ուղղուած չորս հարցումներու, ծնողքի մը, երիտասարդի մը,-պատանիի մը ու մանուկի մը կողմէ ուղղուած հարցումներուն։ Ան ապա պիտի հանդիպի ժողովրդապետութեան հիւանդներուն հետ ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան մէջ ծառայող զանազան կամաւորներուն հետ, (Քարիթասի պատասխանատուները, «զօրակից թաղամաս» ծրագրի անդամներ եւայլն»։

Նորին Սրբութիւնը ապա «երջանկութեան տուն» կեդրոնին օրհնութեան կարգը պիտի կատարէ ու պիտի հանդիպի 7 երիտասարդ անկարներու հետ, որոնք նոյն օրը բնակութիւն պիտի հաստատեն այդ կեդրոնին մէջ եւ որոնց խնամակալութեամբ պիտի զբաղին երկու մայրապետներ ու մէկ աշխարհական տիկին մը.

Ժամը 17.30-ին Սրբազան Քահանայապետը ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը որուն ընթացքին ինչպէս նշեցինք պիտի մատակարարէ դրոշմի խորհուրդը։ Սուրբ Զոհի աւարտին Ան եկեղեցւոյ հրատարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները ողջունելէ ետք վերադարձ պիտի կատարէ Վատիկան։

«Մենք պէտք ունինք Քահանայապետի օգնութեան որպէսզի կարողանանք փորձարկել Աստուծոյ ուրախութեան հետ համագործակցութիւնը, որպէսզի այնպէս ընենք որ «մնացորդացները» դառնան դերակատարներ» յայտարարած է  այս առթիւ ժողովրդապետ Հայր Մաուրիցիօ  Միրիլլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.