2018-05-02 10:00:00

«Սուրբ Մկրտութիւնը՝ կեանքի ակնաղբիւր» 2 մայիս 2018-ի հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Վատիկան Նիուզ) «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՛իջնէր ու կու գար իր վրայ» (Մատթ 3, 16)։

Չորեքշաբթի 2 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ շարունակելով խօսիլ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մասին, անդրադարձ կատարեց «Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մասին՝ որպէս կեանքի ակնաղբիւր»։

 

Մեկնելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածէն ուր կը խօսուի Յիսուսի մկրտութեան մասին, Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ այսօր պիտի անդրադառնայ Սուրբ Մկրտութեան արարողութեան կեդրոնական մասերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Մկրտութեան Աւազանի մօտ, ըսաւ Ան, հաստատելով թէ «ջուրը կեանքի եւ բարօրութեան կաղապարն է, մինչ անոր պակասը կը յառաջացնէ որեւէ պտղաբերութեան ոչնչացումը, այնպէս ինչպէս կը պատահի անապատին մէջ։ Ջուրը ապա կարող է ըլլալ  մահուան պատճառ երբ ան մեծ քանակութեամբ կ՛ողողէ եւ կը քանդէ ամէն ինչ - ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց թէ «ջուրը ունի նաեւ լուալու, մաքրելու եւ բիւրեղացնելու կարողութիւն»։ Այս յատկանշական իրողութիւններէն մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Աստուածաշունչի մէջ ջուրի միջոցաւ Աստուծոյ միջամտութիւններուն ու ջուրին հայող մարգարէներու խօսքերուն, ապա հաստատեց թէ Եկեղեցին Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը կը հայցէ ջուրին վրայ որպէսզի բոլոր անոնք որոնք մկրտութիւնը ընդունին «թաղուին Քրիստոսի հետ մահուան մէջ ու անոր հետ յարութիւն առնեն անմահ կեանքի համար» ինչպէս կը նշուի սուրբ մկրտութեան ծիսակատրութեան ընթացքին։

Քահանայապետը մատնանշեց սուրբ մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին արտասանուած աղօթքին, որուն մէջ կ՛ըսուի թէ Աստուած պատրաստեց ջուրը որպէսզի ան ըլլայ նշան մկրտութեան։ Սրբազան Հայրը  ներկայացուց ապա փոխաբերական իմաստ ունեցող պատկերներ՝ որոնց շարքին նշեց թէ ինչպէս ջրհեղեղի ջուրը վերջ դրաւ մեղքին ու սկիզբ եղաւ նոր կեանքի մը, Կարմիր ծովուն ջուրը ազատութիւն շնորհեց Աբրահամի զաւակներուն Եգիպտոսի ստրկութենէն, ապա Յիսուս որ կը մկրտուի Յորդանան գետին մէջ, Անոր կողէն հոսած արիւնն ու ջուրը, առաքեալներուն պարգեւած իշխանութիւնը մկրտելու բոլոր ազգերը յանուն Սուրբ երրորդութեան…«Այդ յիշատակներու հիման վրայ է որ Աստուծմէ կը խնդրենք որ մկրտութեան աւազանի ջուրերուն վրայ զեղու մերած ու Յարութիւն առած Քրիստոսին շնորհքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «ջուրի սրբացումէն ետք, հարկաւոր է պատրաստել նաեւ սիրտը ՝ ընդունելու համար սուրբ մկրտութիւնը, ու թէ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ հրաժարելով սատանայէն եւ արտասանելով հաւատամքը, որոնք իրար միջեւ զօդուած երկու արարքներ են։

«Արդարեւ այն չափով որ «ոչ» կ՛ըսեմ սատանայի խաբէութիւններուն, նոյն չափով կարող եմ «այո» ըսել Աստուծոյ որ զիս կը կոչէ իրեն  համապատասխանելու գործով եւ մտքով։  Կարելի չէ արդարեւ յարիլ Քրիստոսին պայմաններ առաջարկելով - ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով անջատուիլ որոշ կապանքներէ, մեր ետին թողուլ որոշ իրականութիւններ ու սկիզբ տալ նոր ճանպահի մը որ է նոյնինքն Քրիստոս։

«Կը հրաժարիս սատանայէն» հարցումին պատասխանը «կը հրաժարիմ է» նոյնպէս հաւատամքը կը սկսի «կը հաւատամ» բառով։ Պատասխանատու ընտրանքներ են, որոնք պէտք է թարգմանուին շօշափելի արարքներու» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ  «Հաւատոյ դաւանանքը կը նախատեսէ մկրտուողին յանձնառումը կեանքի ընթացքին, յարատեւողականութեամբ ապրելու այդ խօսքերը, ու թէ այս մէկը կը նշանակէ նաեւ՝  քրիստոնէական կեանքի աճում ու հասունութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները օրհնուած ջուրով կատարուած խաչակնքումի ընթացքին, ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ մտածելու մեր ընդունած Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին ու նորոգելու մեր «Ամէն»ը, որպէսզի ապրինք մխրճուած Սուրբ Երրորդութեան սիրոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.