2018-05-01 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 մայիսի թուիթները


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, 1 մայիս 2018-ին, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց երկու նոր թուիթներ: Առաջինին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց որ աշխատաւոր Սուրբ Յովսէփի տօնը նշենք յիշելով միշտ, որ աշխատանքը մարդու արժանապատուութեան էական տար մըն է:   

«Տօնախմբենք աշխատաւոր  Սուրբ Յովսէփի տօնը յիշելով միշտ որ աշխատանքը հիմնական տար է մարդու արժանապատուութեան համար» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ: 

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Տիվինօ Ամորէ սրբավայր կատարելիք իր այցելութեան գրեց.

«Այսօր, Տիվինօ Ամորէ Տիրամօր Սրբավայրին մէջ պիտի արտասանենք Վարդարանի աղօթքը ՝յատուկէն Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան համար ինչպէս նաեւ համայն աշխարհին մէջ: Կը  հրաւիրեմ ամբողջ մայիս ամիսը երկարել վարդարանի աղօթքը խաղաղութեան համար»:  








All the contents on this site are copyrighted ©.