2018-05-01 13:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Avvenire օրաթերթի աշխատակիցները


(Վատիկան Նիուզ) Երեքշաբթի, մայիսի 1ին, Սուրբ Յովսէփի նուիրուած օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Avvenire օրաթերթի աշխատակիցներուն։ Ան ողջունեց ներկաները՝ աշխարհականներ, որոնք նուիրուած են լրագրութեան եւ հաղորդակցութեան գործին։

Սրբազան Պապը ապա անդրադարձաւ Սուրբ Յովսէփի կերպարին, նկատելով զայն իբր «լռութեան մարդ» մը։ Սա չի նշանակեր որ ան հաղորդակցելու հակոտնեայ կեցուածք մը ունէր, այլ կարողութիւնն ունէր մտիկ ընելու։ Ապա նաեւ Սուրբ Յովսէփ այն անձն է, որ գիշեր ժամանակ կʼարթննայ՝ առանց վհատելու դժուարութեան բեռին տակ։ Ան, որոշ պարագաներու, գիտէ քալել խաւարին մէջ։ Յովսէփ նաեւ «արդար մարդ» մըն է, որ կը վստահի Աստուծոյ. ան «պահապանն» է՝ գիտակից իրեն յանձնուած պարտականութեան. կը դաստիարակէ եւ կʼընկերանայ։

Ապա անդրադառնալով լրագրողներու գործունէութեան, Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ անոնց «գործիքներու տուփին» մէջ կան զանազան ճարտարարուեստական գործիքներ որոնք խոր կերպով փոխակերպած են անոնց մասնագիտութիւնը ինչպէս նաեւ լսելու եւ մտածելու, ապրելու եւ հաղորդակցելու կերպերը։ Անոնց առօրեայ պարտականութեան կը պատկանի ճանչնալ եւ զատորոշել ժամանակի նշանները եւ բանալ ճանապարհի նոր հետքեր, մնալով հանդերձ աւանդութեան վաւեր ծառայողներ։ Այս համոյթին մէջ, Եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ, այլ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ բոլորին հռչակելու ողորմածութեան Աւետարանը։ Մամուլը իր կարգին կʼընձեռէ հսկայ կարողականութիւն՝ նպաստելու Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան եւ մերցեցման մշակոյթին։

Նաեւ Եկեղեցին այսօր աճապարանքի եւ մակերեսայնութեան ազդեցութեան տակ կը գտնուի, ուր անմիջականը եւ դիւրամատչելին կարելի է սպառել անմիջապէս՝ փոխանակ նկատի առնելու փորձառութիւնը, փոխանակ խորացումի։ Նազարէթի հիւսնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ վերագտնելու առողջ դանդաղութեան զգացումը եւ հանդարտ համբերութիւնը։

Սրբազան Հայրը կրկին շեշտեց «լռութեան» կարեւորութեան վրայ։ Լռութիւնը կʼենթադրէ երկու բան։ Նախ՝ չկորսնցնել մշակութային արմատները, եւ թոյլ չտալ որ անոնք վատթարանան . ինչպէս նաեւ իբր Եկեղեցի կարենալ Քրիստոսի դէմքին մէջ տեսնել մարդու դիմագիծը, եւ ասոր համար մերժել կարճատեսութիւն, խեղաթիւրում եւ խտրականութիւն։

Մամուլի համար անհրաժեշտ է նաեւ զարգացնել երկխօսութեան մշակոյթը։ Երկխօսութիւնը կը յաղթահարէ կասկածը եւ կը պարտութեան կը մատնէ վախը։

Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները՝ «չյոգնիլ ճշմարտութիւնը փնտռելէ»։ Պէտք է հարցադրել այն ինչ որ կը կատարուի. պէտք է ունկնդրել, խորանալ եւ դիմագրաւել։ Սուրբ Յովսէփ, «լռութեան եւ ունկնդրող մարդը» նաեւ այն մարդն է, որ գիշեր ժամանակ չի կորսնցներ երազանքի, հաւատալու եւ վստահութեան կարողութիւնը։ Անոր երազը տեսիլք է, քաջութիւն, եւ հնազանդութիւն՝ որ կը շարժէ սիրտն ու ոտքերը։ Նման հաւատք մը կը միանայ գործին եւ կը յանգի ունակութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետի խօսքը, որ ուղղած էր լրագրողներու 1971 թուականին։ Ան կʼըսէր՝ կաթողիկէ լրագրողները պէտք չէ «մատուցանեն այնպիսի բաներ որոնք տպաւորութիւն կը յառաջացնեն եւ յաճախորդ կը շահին։ Մենք պէտք է բարիք գործենք անոնց որոնք կʼունկնդրեն, պէտք է դաստիարակենք զանոնք որ անձամբ մտածեն եւ դատեն»։ Սրբազան Հայրը յորդորեց լրագրողները, որ դժուարութիւնները չարգելակեն զանոնք։ Ան կրկին մատնանիշ ըրաւ Սուրբ Յովսէփի կերպարին, որ «պահապան սուրբն է», «գործնական մարդ» եւ «մօտիկութեան մարդ»։ Ան միշտ պատրաստ էր հոգ տանելու ուրիշին։

Ֆրանչիսկոս Պապ կրկին յորդորեց՝ «Մի վախնաք ներգրաւուելէ։ Ճշմարիտ խօսքերն են, որ կշիռք ունին. անոնք կը պաշտպանեն միայն այն անձերը, որոնք ճշմարտութեան խօսքերը կը մարմնաւորեն կեանքին մէջ։ Վկայութիւնը կը նպաստէ ձեր վստահելիութեան։ Վկայութիւն մը՝ խանդավառ եւ ուրախ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.