2018-05-01 09:07:00

Աղօթենք Սուրբ Կոյսի հետ


Մայիս ամիսը տարուան ամէնագեղեցիկ ամիսն է միշտ նուիրուած Սուրբ Կոյսին՝ մեր Փրկիչին մօրը, որ մեզի համար աղօթքի տիպար յ եւ փրկութեան ճանապարհ:

Տարիներ առաջ Բենդիկոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը՝ հազարաւոր ուխտաւորներուն ընդհանուր ունկնդրութեան մը ընթացքին Սուրբ Կոյսին մասին խօսելով յայտարարեց՝ թէ Աստուածամայրը մեծարել կը նշանակէ իրմէ սորվիլ ըլլալու աղօթող ընկերութիւն մը: Այս դիմագիծը Քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւններուն կարեւորագոյն դիմագիծներէն մէկն է որ կը նկարագրուի գործք Առաքելոցին մէջ:

Ղուկասի Աւետարանը Կոյս Մարիամը կը ներկայացնէ որպէս «Մայր Յիսուսի». «Հայրդ եւ ես մտահոգ քեզ կը փնտռէինք» (Ղուկ 24,8): Քրիստոսի Մայր ըլլալը պարզ պատուոյ տիտղոտ մը չէ, այլ ճշմարտութիւն մըն է, փաստ՝ որ Բանը մարդ եղաւ:

Քրիստոս մեզի նման մարդու կեանք ապրեցաւ. ան ուրեմն պէտք ունէր մօր մը՝ ամբողջացնելու համար Փրկութեան ծրագիրը, այսինքն կեանք մը սկսած եւ աւարտած ընտանիքի մը մէջ լի հաւատքով, որ Երուսաղէմ ուխտի կ'երթայ ուրիշներու նման եւ ուրիշներու հետ:

Կը փափաքիմ մէջբերել Պօղոս Զ. Սըրբազան Քահանայապետին խօսքը, որ, 1964-ին Երուսաղէմ ուխտագնացութեան ընթացքին, գեղեցիկ մտածական մը կատարեց Նազարէթի Կոյսին կեանքին մասին ըսելով. «Կոյս Մարիամէն կը սորվինք ընտանեկան կեանքի դասը, նախնական հաղորդութիւն մը ընկերային գետնի վրայ, գործի դաս մը, եւ ազնուական գործի խղճմտանքը»:

Եփեսոսի Տիեզերական ժողովը Սուրբ Կոյսին մասին կը խօսի որպէս «Աստուածամայր»: Արտասովոր կը թուի կնոջ մը մասին ըսել թէ ան Աստուծոյ Մայրն է: Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած աշխարհին յայտնըւեցաւ, որովհետեւ Ան իր Միածին Որդին ղրկեց՝ որպէսզի մարդոց հետ ապրի: Մարիամ ծնունդ տուաւ Քրիստոսի մեր աշխարհին մէջ՝ խոնարհութեամբ ընդունելով Տիրոջ կամքը:

Չենք կրնար Մարիամի դերը մոռնալ Եկեղեցւոյ մէջ որովհետեւ Յիսուս  իր մօրը յանձնեց Եկեղեցին: Ինչ որ Մարիամ ապրեցաւ երբ ան ընդունեցաւ Աստուծոյ մարդեղութիւնը, ահա խաչը նորէն կը խնդրէ իրմէ վերապրելու՝ Առաքեալներուն եւ համայն Եկեղեցւոյ հետ: Ան Առաքեալներուն կը սորվեցնէ ընդունելու եւ հասկնալու խորհուրդը : Մարիամ այս քայլը անցուց նորածին Եկեղեցիին հետ, եւ ձեւով մը զինք ծնելով որ պիտի դառնայ Քրիստոսի մարմինը մարդկութեան մէջ: Սուրբ Կոյսին նայելով, կը հասնինք զինք ճանչնալու որպէս ան, որ իր մարկութեամբ մեզի կը ցուցնէ ճշմարիտ փորձառութիւնը որով Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կը յայտնուի որպէս ներկայ, ողջ եւ գործօն այս աշխարհին մէջ:

Աստուած Մարիամը ընտրեց աշխարհի ստեղծումէն առաջ՝ իրականացնելու համար իր Փրկչագործութեան ծրագիրը: Հայրը զինք անուանեց իր դուստրը, Որդին զինք ընդունեցաւ որպէս իր Մայրը: Ասոր համար Մարիամ սկիզբէն ի վեր օրհնեալ է որովհետեւ միակ անձն է որ սկզբնական մեղքէն եւ մարդոց մեղքերէն անեղծ մնաց: Իրմով է որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ չարչարուեցաւ՝ մեզ փրկելու համար եւ մեր մեղքերէն:

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի կը սորվեցնէ աղօթքին կարեւորութիւնը, եւ մեզի կը ցուցնէ թէ միայն անյեղ, հաստատ եւ սիրով լեցուն կապով մը Յիսուսի հետ մենք կարելիութիւնն ունինք մեր եսասիրութենէն ելլելու եւ արիաբար երթալու աշխարհի ամէնուրէք հռչակելու Տէր Յիսուսը՝ որպէս Աշխարհի Փրկիչը: Ամէն:

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

          Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

      








All the contents on this site are copyrighted ©.