2018-04-30 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 30 ապրիլի քարոզը ՝«զգոյշ եղէք «վերիրական» աշխարհի հետաքրքրութիւններէն»:


(Ռատիօ Վատիկան) «Մանուկները հետաքրքիր են եւ «վերիրական» աշխարհին մէջ կը գտնեն բազմաթիւ գէշ իրողութիւններ, հարկաւոր է առ այդ օգնել երիտասարդները  որպէսզի այդ հետաքրքրութիւններուն թիրախ  չդառնան»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետին ուղղած յորդորը, երկուշաբթի 30 ապրիլ 2018-ին. Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, որուն  ընթացքին ապա հրաւիրեց հայցել միշտ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը։

«Հարկ է զատորոշել գէշը բարիէն ու մեր սիրտը բանալ Սուբր Հոգիին որ վստահութիւն կը ներշնչէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն քաղուած Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն ուր անդրադարձ կը կատարուի Յիսուսի եւ աշակերտներու միջեւ կայացած խօսակցութեան մը մասին ու այս ուղղութեամբ հաստատելով թէ այդ զրոյցը սկիզբ առաւ աշակերտներուն Յիսուսին ուղղած հարցումներէն, հետաքրքրութիւնէն։

Քահանայապետը մատնանշեց ապա բարի ու գէշ հետաքրքրութիւններու մասին, զգուշացնելով ընտրել երկրորդը ու յատկապէս զգուշացուց «վերիրական աշխարհին» մէջ գտնուող վտանգներէն, որ յաճախուած է նաեւ  անգիտակից մանուկներու կողմէ «որոնք յաճախ թիրախ կը դառան  այդ հետաքրքրութիւններուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը հուսկ մէջբերեց Սուրբ Հոգւոյն մասին Յիսուսին Խօսքերը «Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան. Պիտի յիշեցնէ ձեզի՝ ինչ որ ըսած էի ձեզի»,  ապա հրաւիրեց մեր սիրտը բանալու Սուրբ Հոգւոյն, որպէսզի Ան մեզի տայ մեզի յարմար պատասխաններ։

«Սուրբ Հոգին արդարեւ քրիստոնեայի կեանքի ընկերն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ  Ան մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի այն վայրը ուր երջանկութիւնը իսկական ու կայուն է։

«Հայցենք Տիրոջմէն երկու խնդրանք, առաջինը որ մեզի շնորհէ զատորոշելու կարողութիւնը, ապա երկրորդ՝ բանալու մեր սիրտը Սուրբ Հոգիին, որ մեզի պիտի յիշեցնէ ամէն բան որ Յիսուս սորվեցուց մեզի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.