2018-04-30 09:37:00

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը խոստացած է Մայիսին փակել հիւլէական մեծ կայանը


Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ինի հետ պատմական հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմի դադրեցման մասին համաձայնագիր ստորագրուի: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հարաւային Քորէայի նախագահի վարչակազմի ներկայացուցիչը:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները յաճախակի բնոյթ ստանան, եւ ապագային մեր միջեւ վստահութիւն ըլլայ, ինչպէս նաեւ համաձայնագիր ստորագրուի անձեռնմխելիութեան եւ պատերազմի աւարտի մասին, այդ պարագային այլեւս մեր ինչի՞ն պէտք է հիւլէական զէնքն ու ծանր պայմաններու մէջ ապրիլը», ըսած է Ըն:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ հանդիպումին ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը յայտնած է, որ որոշած է փակել Պհունկերիի մէջ գտնուող հիւլէական փորձարկումներու մեծ կայանը:

Կը նշուի, որ կայանը պիտի փակուի մայիսին` լրագրողներու ներկայութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.