2018-04-29 12:59:00

29 ապրիլի «Ողջ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնն ու Քահանայապետին խօսքերը։


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 29 ապրիլ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց  «Ողջ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ 15,1-8), ուր Յիսուս կը հաստատէ թէ «Ինք ճշմարիտ որթատունկն է» ու մեզ կը Հրաւէրէ միացած մնալու Իր հետ որպէսզի ըլլանք պտղաբեր։

«Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ  «Մնացէք իմ մէջս, ինչպէս ես կը մնամ ձեր մէջ» այս կը նշանակէ քաջութիւնն ունենալ դուրս գալու մեր հանգստաւէտութիւնէն ու ապահով տարածքներէն ընդառաջելու ուրիշներուն ու յատկապէս կարիքաւորներուն ու մեր քրիստոնէական վկայութիւնը տալու աշխարհին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ քաջութիւնը ծնունդ կ՛առնէ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ մեր ունեցած հաւատքէն ու այն վստահութենէն թէ Սուրբ Հոգին մեզի կ՛ընկերանայ պատմութեան ընթացքին։

«Հաւատացեալին  եղբայրսիրութեան ուժականութիւնը ծնունդ կ՛առնէ Յիսուսին հետ հանդիպումէն ու անոր մէջ մնալէն» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Ան մեզի համար որթատունկ է որմէ որպէս ուռեր «կեանք» կը քաղենք,  այդ կեանքը ապա տանելու համար ընկերութեան ու զայն ապրելու ի նպաստ վերջիններուն։

«Երբ մտերիմ ենք Տիրոջ հետ այնպէս ինչպէս մտերիմ ու իրար մէջ միացած են որթատունկի ուռերը, կարող կ՛ըլլանք պտուղներ տալ, նոր կեանքի, ողորմութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան, որոնք կը բխին Տիրոջ Յարութենէն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով հաւացեալները ձգտելու սրբութեան, որովհետեւ «ամէնքս հրաւիրուած ենք ըլլալու սուրբեր եւ ամէն արարք որ ապրուած է Յիսուսի հետ միութեան մէջ ու սիրոյ եւ ծառայութեան հոգիով, առիթ է լիութեամբ ապրելու մեր Մկրտութիւնը ու Աւետարանական սրբութիւնը» հաստատեց Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի սորվեցնէ մնալ Յիսուսին մէջ որովհետեւ մենք ոչ մէկ բան կարող ենք առանց Իրեն, մեր կաենքը կենդանի Քրիստոսն է որ ներկայ է եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները  յիշեց երէկ Քրաքովիայի մէջ Երանելի հռչակուած Աննա Չրզանովսքան ապա նշեց թէ աղօթքով կ՛ընկերանայ Միջ Քորէական գագաթնաժողովի դրական արդիւնքին, աւելցնելով «Կ՛աղօթեմ Տիրոջ որպէսզի խաղաղութեան ու եղբայրական բարեկամութեան ապագայի մը յոյսերը հիասթափ չի մնան եւ որպէսզի համագործակցութիւնը կարողանայ պարգեւել բարիի պտուղներ ի նպաստ սիրեցեալ Քորէացի ժողովուրդին ու համայն աշխարհին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Նիճերիոյ մէջ տեղի ունեցած ոճրագործ արարքներուն որոնց պատճառաւ սպաննուեցան հաւատացեալներու խումբ մը, որոնց շարքին երկու քահանաներ։ «Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնենք մեր այս եղբայրները, որպէսզի օգնէ տեղական հասարակութիւնները վերագտնելու համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ յիշեցնելով թէ միւս օր Մայիս մէկն է՝ Մարեմեան ամիսի սկիզբը,  նշեց թէ այդ ջերմեռանդական ամիսը պիտի սկսի ուխտագնացութիւն կատարելով Հռոմի «Տիվինօ Ամորէ» Մարեմեան սրբավայր ուր, ըսաւ Ան «պիտի աղօթենք Սուրբ Վարդարանը Սուրիոյ ու համայն աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան» ապա  հրաւիրեց հաւացեալները իրեն միանալու ու մայիս ամսուայ վարդարանի ջերմեռանդական ամենօրեայ աղօթքը նուիրելու խաղաղութեան դիտաւորութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.