2018-04-28 08:17:00

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Գերապայծառ Լեւոն Զէքիյեանի Հայոց Պատմութեան հայող գիրքը։


Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչութիւնը տպագրած է Թուրքիոյ հայ կաթողիկներու առաջնորդ եւ գիտնական` գերապայծառ Լեւոն Զէքիյեանի «Կորուսեալ Քաղաքէն Մինչեւ Հոգեւոր Հայրենիք. Հայոց Պատմութեան Ընդհանուր Ակնարկի Փորձ» վերնագիրով աշխատութիւնը: Այդ մասին կը յայտնէ Պոլսոյ հրատարակուող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթը:

Աղբիւրին համաձայն` գիրքի շնորհանդէսը տեղի կ’ունենայ ապրիլ 29-ին, ժամը` 17:30-ին,  Պոլսոյ  Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող սրահին մէջ: Շնորհանդէսին ելոյթ կ’ունենան դոկտոր Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլուն եւ դոկտոր Մուրատ Ջանքարան: Ձեռնարկին կը հնչեն նաեւ հայկական մեղեդիներ` տուտուկի նուագակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.