2018-04-27 08:51:00

14 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Հռոմի Թեմի կղերական դասին։


 (Վատիկան Նիուզ) «Յառաջիկայ 14 Մայիսին, երեկոյեան 19-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի կղերական դասին հետ». Լուրը կը հաղորդէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքիեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը՝ Թեմին յղած մէկ նամակով մը, որուն մէջ կը յայտնէ թէ այս օրերուն օգնական եպիսկոպոսներու միջոցաւ Հռոմի Թեմի Փոխանորդութիւն կը հասնին տեղեկագիրներ, հայող «հոգեկան հիւանդութիւններու» մասին սկիզբ առած ուղեւորութեան։ Գերապայծառ Տէ Տոնաթիս ապա կը նշէ թէ այդ տեղեկագիրները պիտի յանձնուին Սրբազան Քահանայապետին որպէսզի իրազեկ դառնայ իր Թեմին ապրած դժուարութիւններուն ու ատկէ մեկնելով «մեզի ուղղէ յորդորներ ու ցոյց տայ «խնամքի» ընթացքը« դուրս գալու համար այդ հիւանդութիւններէն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.