2018-04-27 08:58:00

Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղկահաւաք


Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, Ապրիլ 27-ին, տեղի ունեցաւ ծաղկահաւաք: Բազմամեայ աւանդոյթին համաձայն` անիկա պիտի սկսի օրհնութեան կարգով, իսկ բացման պաշտօնական արարողութեան պիտի ուղեկցի Արարատեան Հայրապետական թեմի երգչախումբը՝ իր կատարումներով: Այս մասին կը յայտնեն ՀԲԸՄ-էն:

Ծաղկահաւաքը պիտի իրականացնէ  ՀԲԸՄ Հայաստանի սկաուտական խումբը` Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին օժանդակութեամբ:

Նշենք, որ Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ խոնարհուած ծաղիկները ամէն տարի կը հաւաքուին, անոնց ցօղունները կ՝անջատուին ծաղկաթերթերէն. Առաջինէն կը պատրաստուի պարարտախառնուրդ, իսկ ծաղկաթերթերը կ՝օգտագործուին ձեռակերտ վերամշակուած թուղթ պատրաստելու համար: Պարարտախառնուրդը կ՝օգտագործուի Յիշողութեան պուրակին մէջ հողի մշակման համար, իսկ ձեռակերտ թուղթէն կը պատրաստուին յուշագրեր, շնորհակալագրեր, բացիկներ:

Նախաձեռնութիւնը կը մէկտեղէ պոկուած ծաղիկներուն «երկրորդ կեանք» հաղորդելու խորհուրդը եւ բնապահպանական` վերամշակման միջոցով կրկին օգտագործելու առաքելութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.