2018-04-26 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 26 ապրիլի քարոզը. «Առանց սիրոյ ու ծառայութեան եկեղեցին յառաջ չերթար»։


Հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018-ին՝ առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը ՝քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն ուր կը խօսուի Յիսուսի վերջին ընթրիքի  ու առաքեալներուն ոտքերը լուալու մասին, Նորին Սրբութիւնը  յայտնեց թէ Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումով մեզի սորվեցուց սիրել ինչպէս ինք մեզ սիրեց  եւ առաքեալներուն ոտքերը լուալու արարքով մեզի  սորվեցուց ծառայել ինչպէս ինք ծառայեց :

«Սէր եւ ծառայութիւն,  երկու ժեսթեր որոնք հիմք են Յիսուսի վարդապետութեան եւ որոնց հաւատարիմ գտնուելով եկեղեցին կը բարգաւաճի» հաստատեց Ֆրանչիսկոս պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով սիրոյ վրայ, շեշտեց թէ  Յիսուսին պատուիրած սէրը իրար սիրելն է ինչպէս Ինք մեզ սիրեց «իրար զիրար սիրեցէք ինչպէս ես ձեզի սիրեցի»։ Անհուն սէր մը առանց որուն եկեղեցին չ՛աճիր, յառաջ չ՝երթար  ու կը վերածուի  դատարկ հաստատութեան մը, անպտուղ։

«Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզի սիրեցի» առաջին պատուիրանն է իսկ երկրորդը «ծառայեցէք մէկը միւսին» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Յիսուսի  առաքեալներուն  ոտքերը  լուալու արարքին ու նշեց թէ այս եւս նոր պատուիրան մըն է զոր Յիսուս մեզի կը յանձնէ յանձնարարելով իր նման գործել, որովհետեւ Ինքն է որ կ՛առաքէ մեզ։ «Արդարեւ ծառան աւելի մեծ չէ քան զինք ուղարկողը» ու այս մէկուն մէջ կը կայանայ իսկական ու պարզ խոնարհութիւնը,  յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ընդգծելով թէ մենք բոլորս ալ ծառաներ ենք եւ Ինք Յիսուս Տէրն է։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա  Նահատակներուն եւ բազմաթիւ Սուրբերու որոնք քալեցին այդ ուղղութեամբ, այն  գիտակցութեամբ թէ  իրենք լոկ ծառներ են:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին  յորդորեց թոյլ տալ որ Յիսուսին հայեացքը  մեր մէջ թափանցէ, այն միեւնոյն հայեացքը  որ Յիսուս ուղղեց  իր առաքեալներուն վերջին ընթրիքի պահուն- ապա հրաւիրեց հպատակիլ Յիսուսին ճանչնալով Անոր մեծութիւնը ու մեր ոչնչութիւնը՝ մենք ծառաներ ենք եւ Ինքը ամենամեծն  է .  ոչ մէկը կարող է զայն գերազանցել ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.