2018-04-25 14:07:00

Մենք կանգնած ենք Հայ Ժողովուրդի կողքին. Տանըլտ Թրամփի ուղերձը` Ցեղասպանութեան Տարելիցին


Միացեակ Նահանգներու  նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարութիւն տարածած է Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի առիթով` կատարուածը կրկին անուանելով Մեծ Եղեռն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը, ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Այսօր մենք կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնը` 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը, երբ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ դատապարտուեցան մահուան երթի Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն: Մենք կը յիշատակենք 1915-ի իրադարձութիւնները եւ կը սգանք զոհերու եւ տառապեալներու համար:

«Մենք նաեւ կ՛օգտագործենք պահը` ճանչնալու քաջութիւնը այն անհատներուն, որոնք ձգտեցան վերջ տալու բռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան վերապրածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ համայնքները վերակառուցելու համար, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաունը, որ կը ձգտէր վերջ տալ բռնութեան, իսկ յետագային Մերձաւոր Արեւելեան նպաստամատոյցի միջոցով հաւաքեց գումարներ` օգնելու հայ ժողովուրդին: Խորունկ յարգանքով  կ՛արձանագրենք հայ ժողովուրդի դիմացկունութիւնը, որու շատ ներկայացուցիչներ նոր կեանք կառուցեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ շատ անհաշուելի ներդրումներ ունեցան մեր երկրին համար:

«Քանի որ մենք կը յարգենք անոնց յիշատակը, որոնք տառապած են, մենք նաեւ կը վերադառնանք մեր յանձնառութեան` երաշխաւորելու, որ նման կոտորածներ չկրկնուին: Մենք կ՛ընդգծենք ցաւոտ տարրերով անցեալի ճանաչման ու ատոր հետ հաշուի նստելու կարեւորութիւնը` որպէս անհրաժեշտ քայլ աւելի հանդուրժող ապագայ կառուցելու ճանապարհին:

«Այս հանդիսաւոր օրը մենք կանգնած ենք ողջ աշխարհի հայ ժողովուրդի կողքին` ի նշան յարգանքի անոնց յիշատակին, որոնք զոհուած են` պարտաւորուելով աշխատելու միասին եւ կառուցելու աւելի լաւ ապագայ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.