Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ յայտնելով, որ Ապրիլ 25-էն կը սկսի խորհրդակցութիւններ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու երկրի մէջ ստեղծուած վիճակը եւ անկէ դուրս ելլելու ուղիները:
«Սիրելի հայրենակիցներ,
Երէկ, Ապրիլի 24-ին, մեր ողջ ժողովուրդը, համաշխարհային հանրութեան հետ միասին, ոգեկոչեց մեր Սուրբ նահատակներու յիշատակը՝ դրսեւորելով ազգային համերաշխութեան եւ միասնութեան օրինակ:
Այսօր նոյնպէս, առաւել քան երբեւէ, մենք պէտք է ըլլանք միասնական եւ համախումբ:
Քաղաքացիական շարժումը, որուն մէջ ներգրաւուած է յատկապէս երիտասարդութիւնը, նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ Հայաստանի քաղաքական կեանքի առողջացման եւ ժողովրդավարութեան խորացման ուղղութեամբ: Ան պիտի բարձրացնէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հեղինակութիւնը աշխարհի մէջ, եթէ մենք կարենանք ճիշտ եւ կշռադատուած լուծումներ գտնել:
Այդ իմաստով չափազանց կարեւոր է կողմերու միջեւ երկխօսութեան մեկնարկը: Ծանօթ եմ այսօր առաւօտեան նախատեսուած բանակցութիւնները դադրեցնելու մասին քաղաքացիական շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն կարապետեանի յայտարարութիւններուն եւ արտայայտուած դիրքորոշումներուն:
Ափսոսանք կը յայտնեմ, որ բանակցութիւնները ընդհատուած են:
Երկիրը եւ մեր երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը կը գտնուին լուրջ քննութեան առջեւ:
Մտահոգ ստեղծուած դրութեամբ՝ այսօրունէ կը սկսիմ խորհրդակցութիւններ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու երկրի մէջ ստեղծուած վիճակը եւ անկէ դուրս ելլելու ուղիները:
Յոյսով եմ, համատեղ ջանքերով կը յաջողուինք փոխըմբռնման ոգիով գտնել հնարաւոր յանգուցալուծման ուղիները»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |