2018-04-25 10:46:00

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց ԵՊՀ «ցեղասպանագիտութիւն» ծրագրի ուսանողներ


Առաջնորդութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննէսեանի,  Հիմնարկի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագրի վեց եւ  ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի երկու ուսանողներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը Երեքշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. ՏաննԿիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւՏոնի Ռոսթովի երիտասարդական միութեան ղեկավար Գէորգ Գրիգորեան։

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, Մհեր Յովհաննիսեան ներկայացուց Հայագիտականհետազօտութիւններու հիմնարկին եւ  «Ցեղասպանագիտութիւն» ծրագրին գործունէութիւնները եւ ծրագիրներըորոնք կը նախատեսեն նաեւ համագործակցութեան աշխատանքներ լիբանանեան կրթական հաստատութիւններունհետ։ Գնահատելով ծրագիրը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  կատարեց իր նկատողութիւններն ու յորդորը անոնցյաջող ընթացքին համար եւ երջանկայիշատակ Նազլեանի յուշերու հատորը նուիրեց Մհեր Յովհաննիսեանին, որ իրկարգին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններուհիմնարկին հրատարակութիւններէն օրինակներ։

 

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.