2018-04-24 09:53:00

Մէկ ու կէս միլիոն Հայ նահատակներու ոգեկոչում


Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր,

Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տասնամեակներէ, ամէն տարի ամէնուրէք, ըլլա'յ սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ եւ Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ պատչած հանդիսութեամբ կը նչուի հայ ժողովուրդի պատմութեան այդ ամենամռայլ եւ ողբերգական էջը:

Այո', անոնք չմեռան, այլ՝ նահատակուեցան : Անոնց թափած անմեղ արեան  շնորհիւ է, որ վերընձիւղեցաւ մեր ազգը եւ իր արժանապատիւ տեղը գրաւեց միջազգային հանրութեան մէջ: Ահա թէ ինչու յետ այսու  անոնց հոգիներուն համար՝ միայն հոգեհանգստեան արարողութիւն չէ' որ պէտք է մատուցենք, այլ՝ մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած հայցելով մէկ ու կէս միլիոն սուրբերու բարեխօսութեանը:

Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ ամէն բան նիւթականացած է մարդու աշխարհաընկալումը՝ խաթարուած, անհրաժեշտ է քրիստոնեայ-հայուն տալ ճիշդ հայեցի ու քրիստոնէական ճիշդութիւն, որպէսզի ան չկորչի կեանքի այս խելահեղ յորձանուտին մէջ:

Ապրիլ 24-ին՝ հայ ժողովուրդը հրաւիրուած է ինքնաքննութեան, ինքնաճանչման եւ ինքնագիտակցութեան գործընթացը կատարելու:

Հայորդիներ, 24 Ապրիլ մեզի համար սոսկ սուգի ու ողբի ամիս չէ այլեւս, այ'լ ապրելու եւ գոյատեւելու, յաւերժութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ է, որովհետեւ ոսոխը չկրցաւ իրագործել իր դժոխային ծրագիրը եւ չկրցաւ աշխարհի երեսէն բնաջնջել մեր ցեղն ու հայրենիքը:

Եկէ'ք անսանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կոչին կ'ըսեն մեզի « Միացէ'ք ժողովուրդ հայոց,եղէ'ք բռունցքի նման զօրեղ», որովհետեւ երբ մեր ժողովուրդը որպէս մէկ ամբողջութիւն մտածէ, գործէ ու պայքարի՝ անպայմանօրէն կը յաղթանակէ ու կը յաւերժանայ, ինչպէս մարգարէացած էր Սթալինեան զոհերէն Եղիշէ Զարենց ըսելով. «Ո'վ հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքակն ուջին մէջ է»:

 

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

           Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

 








All the contents on this site are copyrighted ©.