2018-04-23 14:06:00

Իրաքի քրիստոնեաները իրենց տուները կը վերադառնան.«ՏԵՕ» հաստատութեան հաղորդագրութիւնը


(Վատիկան Նիուզ) Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ, 2018 ին, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետկաան բարեսիրական հաստատութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց  թէ Իրաքի Նինւէ քաղաքի վերակառուցման աշխատանքները եւ  Իրաքի Քրիստոնեաներուն ի նպաստ  զօրակցական ծրագիրները կը շարունակուին:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ  25 մարտ 2018ի դրութեամբ, ահաբեչկչական խմբաւորումներու բռնութիւններէն փախուստ տուող 19.452 ընտանիքներուն  42 առ հարիւրը՝ այսինքն 8.213 ընտանիքներ արդէն վերադարձած են Նինւէ քաղաք:

13.088  ամբողջութեամբ քանդուած բնակարաններու 3249 –ը  արդէն իսկ վերակառուցուած են, որոնց աշխատանքները կը համակարգէ 27 մարտ 2017-ին հիմնուած յատուկ կոմիտէ մը՝  բաղկացած  Իրաքի երեք եկեղեցիներէ՝ Քաղդէացի, Ասորի կաթողէ եւ Ասորի օրթոտոքս կեղեցիներէն, համագործակցութեամբ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան:

Վերոնշեալ կոմիտէի անդամ Քաղտէացիներու թեմի ընդհանուր տեղակալ՝ Հայր Սալար Պուտակիի փոխանցմամբ  Նինւէ քաղաք  վերադարձնողներու առաջինները  եղած են  քրիստոնեաները,  շնորհիւ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան,  հակառակ որ երկրին մէջ  տակաւին կը  գոյատեւէ ՝ Քուրտիստանի եւ Պաղտատի պետութեան միջեւ տիրող ծանր լարուածութեան պատճառած տագնապը:

Հայր Սալար Պուտակ ապա իր մտավախութիւնը յայտնած է յառաջիկայ 12 մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն առումով, որ «պատճառ կը դառնայ  երկրին մէջ նոր անկարգութիւններու» ըսած է Ան :

Նշենք,  թէ 2014-ին  յունիս ամսունէ ի վեր, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը. Իր անխոնջ  աջակցութիւնը տուած է  մարդասաիրական շտապ օգնութեան ծրագիրներուն, դրամահաւաքներու միջոցաւ  յատկացնելով աւելի քան 37703054 եւրօ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.