2018-04-23 09:39:00

Ուաշինկթըն մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ ընտրութիւններու հեռանկարով


Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ գործող արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններ կատարելու հեռանկարով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոյըրթ:

«Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլայ կատարել բացարձակ ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ: Մենք ուշի-ուշով կը հետեւինք անոնց: Ի հարկէ պիտի ուզէինք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, սակայն մտահոգութիւններ կան», ըսած է Նոյըրթ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 18 ապրիլին երկրին մէջ արտակարգ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ յայտարարեց: Ընտրութիւնները, որոնք սկզբունքով նախատեսուած էին 3 նոյեմբեր 2019-ին, տեղի պիտի ունենան 24 յունիսին: Այդ ընտրութեանց հիման վրայ երկրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կառավարման խորհրդարանական համակարգէն անցում նախագահական համակարգի:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ վաւերացուց ընտրութիւնները 24 յունիսին կատարելու որոշումը:

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ հնչած այդպիսի յայտարարութիւնները նկատած է անընդունելի եւ զայն քննադատած:

«Արտակարգ դրութիւնը ուղղուած է միայն մեր երկրի միասնութեան ու գերիշխանութեան դէմ գործունէութիւն ծաւալող ահաբեկիչներուն: Մեր երկրին մէջ ոչ ոքի հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները կը խախտուին` բացի ահաբեկիչներէն», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.