2018-04-22 09:36:00

Սարգսեան Փաշինեան հանդիպումը վայրկեաններ տեւեց


Ապրիլ 22-ի առաւօտեան՝ Երեւանի ժամանակով 10:00-ին, «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի «հանդիպումը»-. որ տեւեց մի քանի վայրկեան։

Ըստ համաձայնութեան՝ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենային Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի մասին, բայց ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան եկած էր խորհուրդ տալու,-« Դուք չէք գիտակցիր պատասխանատւութեան աստիճանը: Եթէ այդ թոնով պիտի խօսիք, կը մնայ ձեզի մէկ անգամ եւս խորհուրդ տալ, որպէսզի գաք օրինական դաշտ եւ ընդհանրապէս տրամաբանական գործողութիւններու սահման, հակառակ պարագային ամբողջ պատասխանատւութիւնը ձեր վրայ է, դուք դաս չէք քաղած Մարտի մէկէն», -ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան ըսաւ,-«Ոչ ոք չի կրնար սպառնալ մեզի, ես կը ներկայացնեմ ժողովուրդի կարծիքը», ի պատասխան Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ինքը ցանկութիւն չունի այդ թոնով շարունակելու բանակցութիւնները: «7-8 տոկոս ձայն ունեցող խմբակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ժողովուրդի անունով, եւ ես ձեզի հետ այլեւս ցանկութիւն չունիմ շարունակելու խօսակցութիւնները», – ըսաւ Սերժ Սարգսեանն ու հեռացաւ։

«Հանդիպում»էն ետք Փաշինեան լրագրողներուն յայտնեց, որ իր ոգեւորութիւնը աւելի բարձր է հիմա եւ կոչ ըրաւ ցոյցերը շարունակել աւելի մեծ թափով։








All the contents on this site are copyrighted ©.