2018-04-21 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հռոմի Անգլիական Վարժարանի հասարակութեան։


(Վատիկան Նիուզ) Շաբաթ՝ 21 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Անգլիական վաստակաւոր վարժարանի հասարակութեան եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ, նշելով թէ այս տարի Անգլիոյ եւ Կալլէսի եկեղեցիները պիտի յիշատակեն յիշարժան տարեդարձներ, յայտնեց թէ այսօրուան հանդիպումը իրեն առիթ կ՛ըծայէ խօսելու որպէս հայր, ու քաջալերեց ներկաները յանձնառումով շարունակելու իրենց ընթացքը՝ հետեւելու Տիրոջ կոչումին, ամրապնդելով իրենց կապը Անոր հետ եւ ուշադրութիւն դարձնելով յատկապէս կարիքաւորներուն։

«Սիրել Աստուած եւ սիրել մերձաւորը, թող ըլլան ձեր կեանքին անկիւնաքարերը» ըսաւ Քահանայապետը  ու խօսքը կեդրոնացուց Աստուած սիրելու վրայ, դիտել տալով թէ այսօրուայ կեանքի իրողութիւնը եւ «ժամանակաւորի մշակոյթը» այդ մէկը կը դարձնէ աւելի դժուար եւ ասոր համար, նորընծայութեան շրջանին, հարկաւոր է մշակել ներքին կեանքը որպէսզի Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը ամրապնդուի այն խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ որ միայն Յիսուսը կարող է տալ, ու ասկէ մեկնելով դառնալ Քրիստոսի ուրախ վկաներ։

Անդրադառնալով ապա մերձաւորի սիրոյն, Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ մենք վկաներն ենք Քրիստոսի՝ ոչ թէ մեր շահին համար, այլ ուրիշներուն համար, մշտական ծառայութեամբ։  Առ այդ մենք կարող չենք ապրիլ մեկուսացումի մէջ ու «հարկ է առաքելութիւնը կատարել համագործակցութեամբ, այլ քահանաներու, կղերականներու ու աշխարհական նուիրեալներու հետ» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ շատ անգամ դժուար է սիրել մերձաւորը ու թէ մեր առաքելութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար պէտք է միշտ կեդրոնացած ըլլանք Աստուծոյ վրայ որ կը սիրէ եւ թիկունք կը կանգնի։

Ֆրանչիսկոս Պապ մի քանի առաջարկներ ներկայացուց աճեցնելու համար Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ սէրը, եւ այդ առաջարկներէն մին նկատեց հասարակական կեանքը, քաջալերելով ներկաները, հասարակական կեանքը ամրապնդել ու խուսափիլ ուրիշի վախէն, վախը որ պատնէշ մը կը հանդիսանայ եւ զոր կարելի է յաղթահարել միայն սիրով ու աղօթքով։

«Ձեզ կը քաջալերեմ վախ չունենալ նաեւ դուք ձեզմէ» – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, օրինակ բերելով Վարժարանի պաշտպան սուրբ՝ Քանթերպուրիի Սուրբ Թովմասը, որ թոյլ չտուաւ որ անցեալի իր մեղքերը արգելք հանդիսանան ծառայելու Աստուծոյ՝ մինչեւ վերջ։

Սրբազան Պապը ապա թելադրեց մշակել նաեւ բարեկամութիւններ եւ առողջ յարաբերութիւններ, որոնք կարող են օգտակար դառնալ նաեւ ապագային, այդ բարեկամութիւններուն մէջ տեսնելով ոչ միայն այն անձերը որ իրենց կ՛ընկերանան, այլեւ Տիրոջ պարգեւը՝ որով Ան մեզ կ՛օգնէ քալելու դէպի այն որ աւելի արդար է, աւելի վեհանձն եւ աւելի բարի է։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց կրկին քաջալերելով ներկաները հաւատարիմ սէր ունենալու Աստուծոյ նկատմամբ ու խոնարհութեամբ ծառայելու իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ապա բոլոր ներկաներուն վստահեցնելով իր աղօթքները խնդրեց որ չմոռնան զինք յիշել ամէն օր իրենց աղօթքներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.