2018-04-21 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Քուպայի երիտասարդներուն։


(Վատիկան Նիուզ) Յառաջիկայ Յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք ԵՀՕ ի տես, 20 ապրիլ 2018-ին կազմակերպուած Քուպայի երիտասարդներու հովուական հոգատարութեամբ զբաղող պատասխանատուներու հաւաքին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քաջալերանքի լսատեսողական պատգամ մը յղեց, որուն մէջ խրախուսեց Քուպայի երիտասարդները սիրելու իրենց երկիրը եւ իրենց Եկեղեցին, ապա հրաւիրեց քաջութիւն ունենալ ե ու առօրեան ապրիլ յանձնառումով։

Սիրելի երիտասարդներ, ձեզ կը քաջալերեմ սիրահարուելու Յիսուսին, եւ այսօրուայ Քուպայի մէջ աւելիով յանձնառու ըլլալ Եկեղեցւոյ ծառայութեան գործին մէջ  եւ անվախ մտիկ ընել Աստուծոյ կոչին - ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց. «Որպէս բարի Հայրենասէրներ, սիրեցէք ձեր երկիրը, սիրեցէք ձեր հայրենիքը, եղէք վեհանձն ու ձեր սրտերը բացէք Տիրոջ»։

Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ Փանամայի Երիտասարդաց յառաջիկայ հաւաքը ու Քուպայի Սանթիակոյի հաւաքը չ՛ըլլան լոկ  այսօրուայ ջանքերուն նպատակակէտը, այլ երիտասարդները կարողանան երթալ աւելի անդին ու շարունակեն կառուցել այսօրուայ եւ վաղուայ Քուպայի եկեղեցին, այն գիտակցութեամբ թէ միայնակ չեն ու թէ կարելի է կառուցել միայն մեկնելով այն հասարակութիւնէն որուն կը պատկանին, շօշափելի այդ հասարակութիւնը որուն մէջ կ՛ապրին եւ կը սնուցանեն իրենց կոչումը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.