2018-04-21 09:08:00

Վերջ գտաւ Կարդինալ Թոռանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցը։


(Վատիկան Նիուզ) 20 ապրիլ 2018-ին, Ռիատի Ֆրանսական դեսպանատան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, վերջ գտաւ Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի Սէուտական Արաբիա կատարած բացառիկ այցը, որ սկիզբ առած էր 16 ապրիլին։

Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորական մը կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա եւ անցեալ 18 ապրիլին Կարդինալ Թոռանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ։

Վատիկանի ներկայացուցիչի սոյն այցելութեան նպատակակէտն էր ամրապնդել կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը, ապա ընդգծել հաւատացեալներու դերակատարութիւնը՝ բռնութեան մերժումի գործընթացին մէջ. Այս առընչութեամբ հարկաւոր է յիշել նաեւ թէ  վերջին ամիսներուն սէուտացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ հանդիպումներ ունեցան քրիստոնէական այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչ որ կ՛ամրապնդէ այն յոյսը, որ հանդուրժողականութիւնը տիրէ թագաւորութեան մէջ, ուր կը գտնուին իսլամութեան ամէնէն սրբազան վայրերը, եւ ուր այլ պաշտամունքները արգիլուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.