2018-04-21 08:47:00

Երեւան. Ութերորդ օրն ըլլալով զանգուածային բողոքի շարժումները եւ հաւաքները շարունակուեցան։


20 ապրիլ 2018-ն 8-րդ օրն էր Հայաստանի մէջ ծաւալուող բողոքի ցոյցերուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «20 ապրիլի առաւօտեան, մայրաքաղաքին մէջ ապօրինի հաւաքի մասնակիցները տարբեր խումբերով, հետեւելով հաւաքի կազմակերպիչներուն կողմէ  աւելի կանուխ կատարուած կոչերուն, Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ կը փակեն փողոցները, յարակից շէնքերու եւ շինութիւններու ազատ ելումուտին արգելք կը հանդիսանան, այլ քաղաքացիներու, երթեւեկութեան միջոցներու ազատ տեղաշարժը կը խոչընդոտեն  հակաօրինական գործողութիւններով:

Կոչ կ՛ուղղենք ապօրինի հաւաքի մասնակից քաղաքացիներուն` հետեւելու օրէնքով սահմանուած իրենց պարտականութիւններու պատշաճ կատարման, չխոչընդոտելու ոստիկանութեան իրաւաչափ լիազօրութիւններու իրականացման` վերոնշեալ իրաւախախտումները կատարելու համար համաչափ իրաւական ներգործութեան միջոցներու կիրարկումէն խուսափելու համար:

Միաժամանակ ոստիկանութիւնը պատրաստակամ է աջակցելու խաղաղ հաւաքի կազմակերպման, այնպիսի վայրի մը մէջ, որ չի յանգեցներ այլոց իրաւունքներու, ազատութիւններու անհամաչափ սահմանափակումին»:

Երէկ երթեւեկութեան համար խոչընդոտ ստեղծող կամ կայարաններու մէջ արգիլուած տեղերը կանգնած երթեւեկութեան  միջոցները տեղափոխուած են յատուկ տարածք: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան:

Միւս կողմէ, երէկ ցուցարարները փակած են 16-րդ թաղամասէն դէպի Աշտարակի խճուղի տանող ճամբան: Երթեւեկութիւնը անդամալուծուած է, ցուցարարներուն միացած են վարորդները` իրենց ինքնաշարժները կանգնեցնելով եւ անոնցմէ դուրս գալով: Ոստիկանները պահանջած են պարպել ճամբաները:

Կոմիտասի փողոցին վրայ նոյնպէս ցուցարարները փակած են ճամբան եւ խանգարած երթեւեկութիւնը:

Բողոքի ցոյցեր կազմակերպուած են նաեւ Ազատութեան պողոտայի «Լամպատա» կամուրջէն դէպի վեր հատուածին մէջ:

 

Երեկոյեան ժամը 6:00-ի դրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն տեղեկացուցած են,  որ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 233-ի:

Իսկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի ինքնաշարժի երթեւեկի արգելակման: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, կը հանդիսանայ պետական պահպանութեան ենթակայ անձ, որուն  տեղաշարժի արհեստական սահմանափակումները անթոյլատրելի են: Ըստ այդմ` բացարձակ անընդունելի է, երբ պաշտպանութեան նախարարի ծառայողական ինքնաշարժին երթեւեկը կը խոչընդոտուի անյայտ անձերու կողմէ:

Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

Երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկսած  է «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հրաւիրած հանրահաւաքը: Արդէն 8-րդ օրն է, որ հանրահաւաքի մասնակիցները դէմ կ՛արտայայտուին Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալուն:

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցած են դերասաններ Ալինա Մարտիրոսեան, Ճուլիետա Ստեփանեան, Երեւանի աւագանիի  անդամ Զարուհի Բաթոյեան:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցած է ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը, որ խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսած է. «Ամբողջ աշխարհը կը տեսնէ, որ տեղի կ՛ունենայ  ժողովրդական, ոչ բռնի թաւշեայ յեղափոխութիւն, որ շատ շուտով պիտի յաղթէ»:

Պատգամաւորը նշած է, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները կը խօսին իրենց հետ երկխօսութիւն սկսելու իրենց պատրաստակամութեան մասին:

Ն. Փաշինեան շարունակելով իր խօսքը ըսած է. «Ուշ է երկխօսութեան համար: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ պատրաստ չենք քննարկում ունենալու: Մենք, վստահաբար, պատրաստ ենք քննարկելու Սերժ Սարգսեանի հեռացման` հրաժարականի ժամկէտները եւ անոր հետ կապուած որոշ պայմաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.