2018-04-21 08:51:00

Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած է 11 Սեպտեմբեր 2011-ի ահաբեկչութիւններու մեղսակից անձ մը


Սուրիոյ մէջ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ձերբակալած են Մոհամետ Հայտար Զամարը, որ կապ ունի Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2011-ի ահաբեկչութիւններուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք կը հաստատենք, որ Մոհամետ Հայտար Զամարը` սուրիական ծագումով Գերմանիոյ քաղաքացին, ձերբակալուած է շուրջ մէկ ամիս առաջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեան ընթացքին, որ կատարած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը», ըսած է Փենթակոնի ներկայացուցիչը:








All the contents on this site are copyrighted ©.