2018-04-20 12:16:00

ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Իտալիոյ Մոլֆեթթա քաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին


(Վատիկան Նիուզ) Ուրբաթ, 20 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Իտալիոյ Մոլֆեթթա քաղաք հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, առաւօտեան ժամը 10-ին, Մոլֆեթթա քաղաքին նաւահանգիստի մօտ գտնուող հրապարակին վրայ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան՝ ներկայութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն:

Այս առթիւ արտասանած քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը ակնարկելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն յարեց «անոնք քրիստոնեայ կեանքին համար կը ներկայացնեն երկու հիմնական տարրեր. Հացն ու Խօսքը»  ու անդրանալով  Հացին մասին նշեց, որ «հացը  էական սնունդ է ապրելու համար»  ընդգծելով որ « Յիսուս Աւետարանին մէջ մեզի կը շնորհուի որպէս  կեանքի հաց»։

Նորին Սրբութիւն ակնարկելով ապա Յիսուսի «առէք կերէք այս է իմ մարմինս ...  խօսքին, բացատրեց թէ այս խօսքը « կը նշանակէ, որ մեր կեանքին համար էական է անձնական յարաբերութեան մէջ մտնել Յիսուսին հետ որպէս՝ Մարմին եւ Արիւն»։  «Սուրբ Հաղորդութիւնը այս է ըսաւ Քահանայապետը՝ ոչ թէ գեղեցիկ ծիսակատարութիւն, այլ սերտ հաղորդութիւն,  սիրոյ հաղորդութիւն»: առանց Յիսուսին, որ է կեանքի հաց՝ եկեղեցւոյ մէջ ամէն ջանք ապարդիւն է» ինչպէս կը յիշեցնէ  Մոլֆեթթա թեմի երբեմնի եւ անուանի եպիսկոպոսը Հայր Թոնինոն «բարեգործական արարքները  բաւարար չեն եթէ կը պակսի սէրը այդ գործերուն մէջ, եթէ կը պակսի աղբիւրը, եթէ կը պակսի մեկնակէտը որ է Սուրբ Հաղորդութիւնը»։

 Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա Յիսուսի հետեւեալ  խօսքին «Այն որ զիս ճաշակէ ինծի համար պիտի ապրի» ու այս առընչութեամբ յարեց, « Ան մեզի համար բեկանուած հաց է  եւ ան որ զայն կը ստանայ իր կարգին կը դառնայ բեկանուած հաց, որ չի խմորուիր հպարտութեամբ, այլ ինքզինք կը շնորհէ ուիրշներուն: Այդ անձը կը դադրի իր անձին  համար ապրելէ,  իր յաջողութեան համար... ու կ՝ապրի Յիսուսի համար եւ նման Յիսուսին ուրիշներուն համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը նշելով, թէ այս մէկը կարելի է Եկեղեցւոյ դրան վրայ դնել որպէս յայտ գրելով «Սուրբ Պատարագէն ետք այլեւս չենք ապրիր մենք մեզի համար ՝ այլ ուրիշներուն համար»  ինչպէս ըաւ Հայր Թոնինոն , որ եղաւ ժողովուրդին մէջ եպիսկոպոս ծառայ մը, Հովիւ մը որ տապանակին դիմաց սորվեցաւ ինքզինք որպէս ուտելիք տալ ժողովուրդին. Ան կ՝երազէր եկեղեցի մը,  որ անօթի է Յիսուսով եւ  անհանդուրժող աշխարհիկութեան: եկեղեցի մը որ ցիտէ բացայայտել Քրիստոսի մարմնին տապանակը, թշուառութեան, տառապանքի ու միայնակութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ «Կեանքի հացը, բեկանուած հաց, հաց է խաղաղութեան», մէջբերելով Հայր Թոնինոյի այն խօսքը ուր կ՝ըսէ թէ խաղաղութիւնը չի հաստատուիր երբ մէկը միայն իր հացը կ՝առնէ ու զայն կ՛ուտէ առանցին…խաղաղութիւնը համակեցութիւն է։ Կը նշանակէ հացը ուտել ուրիշներուն հետ, առանց բաժնուելու,  տարբեր անձերու  հետ միասին սեղան նստիլ,  ուր ուրիշը  բացայայտուելիք, շոյելիք եւ դիտելիք դիմագիծ մը ըլլայ»։ Ան ապա նշեց որ  «մենք որ կը բաժնեկցինք այս միութեան եւ խաղաղութեան հացը կանչուած ենք ամէն դիմագիծ սիրելու  եւ կարելու ամէն պատրուած ինչպէս նաեւ  ամենուրէք ըլլալու խաղաղութիւն կառուցողներ»

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնելով Յիսուսի վերոնշեալ խօսքերէն հաստատեց թէ «Հացին հետ կայ Խօսքը» ու թէ Աւետարանը  կը պատմէ  այն բուռն քննարկումներու մասին որոնք յաջորդեցին Յիսուսին խօսքերուն ուր շատեր կ՛ըսէին «ինչպէս կարելի է որ այս մարդը իր մարմինը կու տայ ուտելու» :

 Շատ անգամ, ըսաւ Քահանայապետը, շատ մը մեր խօսքերը կը նմանին վերոյիշեալ հատուածին. ինչպէս կարելի է , որ Աւետարանը լուծէ աշխարհի հարցերը , ինչ բանի կը ծառայէ բարիք ընել՝ շատ մը չարիքներու դիմաց։ Այս հարցումներէն մեկնելով մենք եւս  կ՝իյնանք սխալի մէջ՝ անշարժացած ու կեդրոնացած Յիսուսի խօսքերուն շուրջ վէճին վրայ  փոխան՝ պատրաստ ըլլալու ընկալելու համար կեանքի փոփոխութիւնը որ Յիսուս մեզմէ կը պահանջէ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Յիսուս չի փնտռէր մեր խոկումները այլ մեր ապաշխարանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա օրուան ընթերցուածին ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի դարձի մասին. «Ոտքի ել- մտիր քաղաք եւ հոն քեզի պիտի ըսուի թէ ինչ պիտի ընես» Գործ Առաք 9,6»  Յիսուս արդարեւ ամէնէն առաջ կը հրամայէ «Ոտքի ել» արդարեւ հարկաւոր է որ մենք եւա ոտքի ելլենք ու նայինք դէպի վեր որովհետեւ Յիսուսին աշակերտը չի կրնար փոքրիկ բաներով գոհանալ յարեց Նորին Սրբիութիւնը յորդորելով ոտքի կանգնիլ եւ խուսափիլ գետնին վրայ մնալէն եւ վախի կապանքներէ ազատիլ,  դիտել տալով որ  Տոն Թոնին շատ անգամ կրկնած  է որ պէտք  ոտքի մնանք - որովհետեւ Յարուցեալին դիմաց արտօնուած չէ՝ կենալ եթէ ոչ միայն ոտքի։

Տէրը ապա Սաւուղին կը հրամայէ «Մտիր Քաղաք»  Ան մեզմէ իւրաքանչիւրիս եւս կ՛ուղղէ նոյն կոչը «փակ մի մնար, գնա, արկածախնդիր եղիր»։ Յարուցեալին հետ հանդիպումէն ետք.կարելի չէ սպասել- կարելի չէ յետաձգել- պէտք է  յառաջ երթալ , դուրս ելլել՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ անստուգութիւններուն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  օրինակ բերելով  Սաւուղին պատասխանը « Ահաւասիկ եմ Տէր»  ու ըսաւ «բոլորս՝ որեւէ կացութեան մէջ որ գտնուինք կանչուած ենք ըլլալու Սուրբ Զատկուան յոյսի պատգամաւորները » աշխարհի ծառաներ, ուրախութիւն տարածողներ։ հուսկ ակնարկեց Յիսուսի Սաւուղին ուղղած վերջին խօսքին. «Քեզի պիտի ըսուի այն ինչ որ պիտի ընես»  եւ  Սաւուղ հաստատակամ մարդ մը լուր կը մնայ եւ հնազանդ Յիսուսի Խօսքին կը մեկնի: Ան  կը հասկնայ որ իր կեանքը կախեալ չէ իր անձէն: Աստուծոյ խօսքը արդարեւ այդպէս է  կ՛ազատէ, ոտքի կը կանգնեցնէ եւ կը մղէ յառաջ ընթանալու միեւնոյն ատեն հեզութեամբ եւ քաջութեամբ . Ան մեզ կը մղէ ըլլալու Յիսուսի պարզ վկաները աշխարհի մէջ ,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ քարոզը եզրափակեց հրաւէր ուղղելով Հայ Թոնինոյի նման ըլլալ յոյսի,  ուրախութեան եւ խաղաղութեան աղբիւրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.