2018-04-20 09:24:00

Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա կ՛արձագանգեն Հայաստանի վերջին զարգացումներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապրիլ 17ին պաշտօնապէս արձագանգած է Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական վերջին զարգացումներուն եւ բողոքի ցոյցերուն:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Նկատած ենք, որ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ կ՛ընթանան զգալի թիւով բողոքի ցոյցեր: Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց դուրս եկած են՝ ի գործ դնելով իրենց ազատ արտայայտուելու եւ հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքը: Մենք մօտէն կը հետեւինք Երեւանի կեդրոնը եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն: Մեզի համար քաջալերական է տեսնել ցուցարարներու մեծ մասին ու ոստիկանութեան յարգալից եւ պատասխանատու վարքը՝ վերջին քանի մը օրերուն: Սակայն, նաեւ անհանգստացած ենք ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ երբեմն տեղի ունեցող բախումներով։ Կոչ կ՛ընենք բոլոր կողմերուն, որ զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ խուսափին լարուածութիւնը սրելէ կամ բռնի գործողութիւններէ»:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»ն Ապրիլ 18ին կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Քրեմլին եւս կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ ամէն ինչ օրէնքի ծիրէն ներս կը պահուի։

Փեսքով նաեւ յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ապրիլ 17ի երեկոյեան կայացած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին շնորհաւորած է Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.