2018-04-20 09:16:00

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է ԵՄ – Հայաստան Համաձայնագիրը Վաւերացնելու Օրէնքը


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան` մէկ կողմէն, եւ Եւրոպական Միութեան ու հիւլէական ուժանիւթի եւրոպական համայնքի ու անոնց անդամ պետութիւններու` միւս կողմէն, միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը: Այս մասին երէկ հաղորդեց Հայաստանի նախագահի գրասենեակը:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ 24 նոյեմբեր 2017-ին ստորագրուած համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այս տարուան 11 ապրիլին:

Լիարժէքօրէն ուժի մէջ մտնելու համար` փաստաթուղթը պէտք է վաւերացնեն եւրոպական բոլոր երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը: Թէ երբ պիտի աւարտի այդ հոլովոյթը, յստակ պայմանաժամեր չեն նշուիր, սակայն համաձայնագիրը մասնակիօրէն պիտի սկսի գործելու 1 յունիսին:

Հայաստանի մէջ ընթացող վերջին քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ` երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ` անդրադառնալով նաեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին` Եւրոպական Միութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի կողմէ նոր ջանքեր պիտի գործադրուին «բարեփոխումներու ընդգրկուն հոլովոյթի իրականացման` ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, օրէնքի գերակայութեան, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական համակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ», եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է «շարունակելու համագործակցութիւնը պետական նախարարութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ` աջակցելու Հայաստանի կողմէ ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման ի շահ քաղաքացիներուն»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.