2018-04-20 10:58:00

«Արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ մեր ոստիկաններու ու երիտասարդներու միջեւ բախումներ տեղի ունենան». Արամ Ա․


Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կ’աթողիկոս Ապրիլ 20-ի առաւօտեան քանի մը ժամով կու գայ Հայաստան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մամլոյ դիւանը:

Կը նշուի, որ ան նոյն օրը պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք:

Պէյրութի օդակայանին մէջ Cilicia TV-ի խնդրանքով անդրադառնալով հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն` Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս նշած է.

 «Վերջին օրերուն Երեւանին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը բնականաբար ընդվզումի արտայայտութիւն են, սակայն ինչ ալ ըլլան ընդվզումներու պատճառը, արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ հայու արիւն հոսի հայրենի սրբազան հողին վրայ: Արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ մեր ոստիկաններու ու երիտասարդներու միջեւ բախումներ տեղի ունենան` երբեմն ոստիկաննները մղելով ձերբակալութիւններու: Բոլորն ալ մեր սիրելի զաւակներն են: Ինչպէս մեր բոլոր ընկերութիւններու կեանքի մէջ, նաեւ մեր հայրենի մեր ժողովրդի կեանքին լուրջ խնդիրներ կան, լուրջ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք մեր զաւակները երբեմն կը մղեն բողոքի ու պոռտկումի:

«Անհրաժեշտ է, սակայն, որ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները քննուին եւ լուծման ուղիներ որոնուին միասնաբար, նախագահին հովանաւորութեամբ եւ մեր ժողովուրդը ներկայացնող բոլոր ուժերուն միասնական ճիգով եւ թօթափած սիրոյ ու հասկացողութեան ոգիով: Այս է հարցերը լուծման առաջնորդող ճիշդ ու ապահով ճանբան: Այս է մեր սպասումը հայրենի մեր իշխանութիւնէն, ինչպէս նաեւ հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներէն:

«Կ’աղօթեմ առ Աստուած, որ իր երկնային հովանիի ներքեւ անվթար պահէ ու պաշտպանէ մեր սիրելի հայրենիքը:

«Կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ իր երկնային շնորհքներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդի կեանքը ի Հայաստան Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.